image

Իսրայէլ կ՚առաջարկէ Ատրպէյճանի եւ ԱՄՆ-ի հետ եռակողմ ձեւաչափ ստեղծել

Իսրայէլ կ՚առաջարկէ Ատրպէյճանի եւ ԱՄՆ-ի հետ եռակողմ ձեւաչափ ստեղծել

Իսրայէլը մշտական բանակցութիւններ կը վարէ ԱՄՆ-ի հետ Իսրայէլի, Ատրպէյճանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ եռակողմ համագործակցութեան ամուր հիմք ստեղծելու շուրջ, գրած է Jerusalem Post-ը՝ յղում ընելով Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակին:

«Ատրպէյճանը Կովկասի մէջ Իսրայէլի կարեւոր ռազմավարական դաշնակիցն է։ Երկկողմ յարաբերութիւնները կը ներառեն համագործակցութիւն անվտանգութեան, առեւտուրի, արհեստագիտութիւններու եւ ուժանիւթի ոլորտներու մէջ»,- պարբերականը մէջբերած է Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակի հաղորդագրութիւնը:

Պարբերականը նշած է, որ այս յայտարարութիւնը նախորդած է Քնեսէթի մէջ «Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմավարական դաշինքի ամրապնդումը» թեմայով քննարկումներուն:

Քնեսէթի պատգամաւոր Սիմոն Մոշիաշվիլին քննարկումներու ժամանակ յայտարարած է Ատրպէյճանի հետ ռազմավարական դաշինքի ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին: