image

Իսլամը եւ Երուսաղէմի, Դամասկոսի եւ Արաբիոյ Հայերը

Իսլամը եւ Երուսաղէմի, Դամասկոսի եւ Արաբիոյ Հայերը

Բնիկ Քեսապցի մտաւորական Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝

Պատմագիտութեան ծանօթ է, որ Իսլամի երեւումէն անմիջապէս ետք Երուսաղէմի Հայոց Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան Աբրահամ եպիսկոպոսը՝ հայոց պատրիարքը, քրիստոնեաներուն սպառնացող վտանգը զգալով՝ 629 թուականին 40 հոգինոց պատուիրակութեամբ մը Երուսաղէմէն կը մեկնի Մեքքէ: Ան Մարգարէին իր հպատակութիւնը ներկայացնելով՝ միաբանութեան հսկողութեան տակ գտնուող հայոց, ղպտիներու, եթովպիացիներու եւ ասորիներու կեանքին ու ստացուածքին ապահովութիւնը կը խնդրէ անկէ: Մուհամմէտ մեծ սիրով կ’ընդունի հայոց եպիսկոպոսը ու իր ձեռքի դրոշմով կը հաստատէ հաւատարմագիրը. «Ես Մուհամմէտ Որդի Ապտուլլահի, Մարգարէ եւ Առաքեալ Աստուծոյ, Աբրահամ պատրիարքին եւ Երուսաղէմ ու Դամասկոս ու Արաբիոյ միւս սահմանները գտնուող հայոց եպիսկոպոսներուն եւ իրենց հպատակ ժողովուրդներուն, այսինքն՝ Երուսաղէմ բնակող եթովպիացիներուն, ղպտիներուն ու ասորիներուն, շնորհեցի բոլոր իրենց վանքերը, եկեղեցիները, դպրոցները, կալուածներն ու արտերը»:

 Այս հաւատարմագիրը կը հաստատէ նաեւ հոն գտնուող Խաթթապի որդի Օմարը, որ յետագային ամիրայապետ կը դառնայ:

18 Սեպտեմբեր 634-ին իսլամը գրաւեց Դամասկոսը։ Հրամանատար Խալէտ պըն Ուալիտը Դամասկոս մտաւ Արեւելեան դուռէն՝ Պապ Շարքիէն, որուն կից դեռ 4-րդ դարէն կը գործէր հայոց Ս․ Սարգիս եկեղեցին։ Ան ամեն արտօնութիւն տուաւ Դամասկոսի արեւելեան թաղերու՝ Պապ Շարքիի եւ Պապ Թումայի քրիստոնեաներուն՝  ազատօրէն ապրելու իրենց կրօնական-եկեղեցական կեանքը։ 

Աբրահամ պատրիարք, Գրիգոր եպիսկոպոս Եդեսիացիին հետ, 641­ին նոյնպիսի բովանդակութեամբ հաւատարմագիր մը եւս կը ստանայ Մուհամմէտի յաջորդներէն՝ ամիրայապետ Ալիէն:

Սուրիոյ եւ Պաղեստինի տիրող իսլամ յաջորդ իշխանութիւնները Աստուծոյ Առաքեալին եւ անոր յաջորդներուն կողմէ Երուսաղէմի հայոց միաբանութեան շնորհուած ժառանգութիւնները անձեռնմխելի կը նկատեն: Այդպէս կ’ընէ նաեւ խաչակրաց դէմ իր յաղթանակներով յայտնի Սալահէտտին ալ­-Այեուպին, որ ինչպէս կ’երեւի Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան յղած իր հրովարտակէն, անձամբ ծանօթ է Մուհամմէտի եւ անոր յաջորդներուն կողմէ Աբրահամ պատրիարքին տրուած հաւատարմագիրներուն:

Դամասկոսի Ս․ Սարգիս եկեղեցին կը պատկանէր Երուսաղէմի պատրիարքութեան ու կը հովանաւորուէր անկէ նշանակուած տեսուչ վարդապետներով։ 20 Ապրիլ 1929ին Երուսաղէմի պարտրիարքութիւնը թեմը կը փոխանցէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանն։ կը հիմնուի Դամասկոսի կաթողիկոսական փոխանորդութիւնը, որ մինչեւ այսօր կը գործէ։ 

Նկար՝ Պապ Շարքի կամ Արեւի դուռ եւ հայոց եկեղեցին։