Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ կայացած հանրաքուէէն ետք կարծիք տարածուած է, թէ Իրաքեան զինուած ուժերը ռազմական գործողութեան կը պատրաստուին Քարքուքը քիւրտերէն ազատագրելու հեռանկարով: Հակառակ տարածուած խօսակցութիւններուն, Իրաքեան զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը ժխտելով այդ լուրը հաստատած է, որ ռազմական լուծումը բացառուած է:
Իրաքցի լրագրող Ճապպար Զէյտան լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքըն տուած հարցազրոյցի ժամական հաւաստիացուցած է, որ Իրաքի Սուլէյմանիէ քաղաքին մէջ վերջերս հանդիպումներ կայացած են Իրաքի նախկին նախագահ Ճալալ Թալպանիի եւ Քիւրտիստանի նախագահ Պարազանիի կուսակցութիւններուն միջեւ, Քարքուքի խնդիրին լուծում տալու նպատակով:
Զէյտանի պնդմամբ, զոյգ ուժերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները չեն կրնար վերածուիլ ռզմական գործողութիւններու, նկատի ունենալով, որ թէ' Իրաքի վարչապետ Հայտար Ալ Ապատի, թէ' իրաքեան կառավարութիւնը վերջերս բազմիցս շեշտած է քիւրտերու դէմ ուժ չկիրարելու եւ ռազմական այլընտրանքը բացառելու հանգամանքը: Հետեւաբար, «Իսլամական Պետութեան» դէմ մղուած պայքարը չի կրնար վերածուիլ քիւրտերու դէմ մղուող պատերազմի:
Ինչ կը վերաբերի ժամանակ առ ժամական տեղի ունեցող բախումներուն, իրաքցի լրագրողին կարծիքով, անոնք արդիւնք են կողմերէն մէկուն սադրանքներուն: Զէյտան նշած է նաեւ, որ Քիւրտիստան սովորաբար կը դիմէ դէպքերուն մասին չափազանցուած լուրեր տարածելու միջոցին:
Նշենք, որ ըստ Փենթակոնի տարածած յայտարարութեան, Իրաքի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ գրաւուած տարածքներուն 95 տոկոսն արդէն ազատագրուած է: