«Իսլամական պետութիւն»ը ստանձնած է Իրանի մէջ հինգշաբթի օր տեղի ունեցած երկու պայթումի պատասխանատւութիւնը։
Այս մասին յայտնած է «Ռոյթըրզ»ը՝ յղում ընելով ահաբեկչական կազմակերպութեան Թելեկրամեան ալիքներուն։
Յիշեցնենք, որ երէկ Իրանի Քերման քաղաքին մէջ 2 պայթում տեղի ունեցած էր՝ 2020 թուականին Պաղտատի մէջ ԱՄՆ օդային հարուածի հետեւանքով իրանցի զօրավար Քասեմ Սիւլէյմանիի մահուան 4-րդ տարելիցի օրը, անոր յիշատակին նուիրուած արարողութեան ժամանակ։
Պայթումներու հետևանքով, տարբեր տուեալներով, աւելի քան 100 մարդ զոհուած էր։