Վարդան Ղուկասեանը երդուեցաւ եւ ստանձնեց Գիւմրի համայնքի ղեկավարի պաշտօնը։
Երդմնակալութեան արարողութիւնը սկսաւ աղօթքով, այնուհետեւ հնչեց Հայաստանի օրհներգը, որմէ ետք նորընտիր քաղաքապետը մօտեցաւ ամպիոնին։
«Ստանձնելով Շիրակի մարզի Գիւմրի քաղաքի ղեկավարի պաշտօնը` երդւում եմ համայնքի ղեկավարի լիազօրութիւնները իրականացնելիս պահպանել ՀՀ Սահմանադրութիւնը, օրէնքները, համայնքի աւագանու որոշումները, ազնուօրէն եւ բարեխղճօրէն կատարել համայնքի ղեկավարի լիազօրութիւնները, ծառայել քաղաքի բարգաւաճմանը, գործել ի բարօրութիւն նրա բնակիչների։ Պարտաւորւում եմ պաշտպանել քաղաքի իրաւունքները, օրինական շահերը եւ սեփականութիւնը, ուժերիս անմնացորդ նուիրումով սատարել ժողովրդի հաւատին, նպաստել նրա նիւթական եւ հոգեւոր վերելքին»,-յայտարարած է ան։
Երդմնակալութեան արարողութեան ներկայ էր նաեւ Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը։
Շիրակի թեմի առաջնորդի ելոյթէն ետք Վարդան Ղուկասեանին յանձնուած է քաղաքապետի լանջաշղթան եւ Գիւմրի քաղաքի խորհրդանշական բանալին։
Յիշեցնենք՝ Գիւմրի համայնքի նորընտիր աւագանին ապրիլ 16-ին համայնքապետ ընտրած էր Վարդան Ղուկասեանը:
Յիշեցնենք, որ մարտ 30-ին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած էին ընտրութիւններ, որու արդիւնքով որեւէ քաղաքական ուժ չէր ստացած աւագանիի անդամներու մանթատներու 50 տոկոսէն աւելին: Ընդդիմադիր ուժերը յայտարարած էին, որ պիտի քուէարկեն առաւելագոյն քուէ ստացած ընդդիմադիր թեկնածուի՝ Վարդան Ղուկասեանի օգտին:
Ընտրութիւններու արդիւնքով «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած էր 14 մանթատ, Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութիւնը՝ 8 մանթատ, «Մեր քաղաքը» կուսակցութիւններու դաշինքը՝ 6 մանթատ, «Իմ հզօր համայնք» կուսակցութիւնը՝ 3 մանթատ, «Մայր Հայաստան» դաշինքը՝ 2 մանթատ: