Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գագիկ Համբարձումեանը երդմամբ ստանձնած է պատգամաւորական լիազօրութիւնները:
Համբարձումեանը պատգամաւոր դարձած է «Հայաստան» կուսակցութիւններու դաշինքի ցուցակով:
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի որոշմամբ՝ Վանիկ Համբարձումեանին տրուած է պատգամաւորական լիազօրութիւնները վաղաժամկէտ դադրեցուցած Թադեւոս Աւետիսեանի մանթատը, որ ընտրուած է Մրցակցութեան եւ սպառողներու շահերու պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ:
Երդման արարողութիւնը տեղի ունեցած է ապրիլ 14-ի հերթական նիստին: