Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) Ըստ թրքական «Տէյլի Սապահ»ին, Ինտոնէզիոյ քաղաքացի վեց կիներ ձերբակալուած են Թուրքիոյ մէջ: Նշենք, որ կիները ձերբակալուած են ISIS ահաբեկչական անդամ ըլլալու յանցանքով, եւ դէպքը տեղի ունեցած է Ատանայի մէջ: Կառավարական մարմիններ կը պատրաստուին արտաքսել ձերբակալեալները, մինչ անոնց հետ եղող 7-րդ թուրք մը կը մնայ կալանքի տակ: