image
Հրատապ լուրեր:

Իրան խստօրէն դատապարտած է Եմէնի դէմ յարձակումները

Իրան խստօրէն դատապարտած է Եմէնի դէմ յարձակումները

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Նասեր Քանաանին յայտարարութիւն տարածած է, որուն մէջ ըսուած է, որ երկիրը խստօրէն կը դատապարտէ Եմէնի հուսիներու վրայ Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծ Բրիտանիոյ յարձակումը, յայտնած է Nournews-ը։

«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք այսօր (12 յունուար) առաւօտեան Միացեալ Նահանգներու եւ Միացեալ Թագաւորութեան կողմէ Եմէնի քանի մը քաղաքներու վրայ իրականացուած ռազմական յարձակումները:

Մենք այդ կը համարենք Եմէնի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային օրէնքներու, կանոնակարգերու եւ իրաւունքներու բացայայտ խախտում», -ըսուած է յայտարարութեան մէջ։