Քուէյթի բանակը յայտարարած է, որ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը կը չէզոքացնեն իրանական անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումները։
«Բանակի Գլխաւոր Շտապը կը նշէ, որ լսուող իւրաքանչիւր պայթում հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու կողմէ թշնամական յարձակումները կասեցնելու արդիւնքն է»,– նշուած է Քուէյթի բանակին X-ի գրառումին մէջ։
Բանակը բնակիչներուն կոչ ըրած է հետեւելու համապատասխան մարմիններու կողմէ տրուած ցուցմունքներուն։
Աւելի վաղ Քուէյթի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը յայտարարած էր, որ Քուէյթի զինուած ուժերը երկրի օդային տարածքին մէջ յայտնաբերած են հակառակորդի պալիսթիք հրթիռներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք որսացուած ու ոչնչացուած են։
Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդն ալ յայտարարած է, որ իր վերջին գործողութիւններուն շրջածիրէն ներս թիրախաւորած է Քուէյթի Ալի ալ-Սալեմ օդուժի ռազմակայանին մէջ գտնուող «ամերիկեան ռազմական կառոյցները»։