«Բնական է՝ բոլոր այն մարդիկ, բոլոր այն քաղաքական ուժերը, որոնք ՀՀ-ի ազգային-պետական շահն են պաշտպանում, պէտք է հռչակուեն դաւաճաններ», -այս մասին հրատապ ասուլիսի ժամանակ ըսած է «Մայր Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախընտրական ցուցակի 2-րդ համար Անդրանիկ Թեւանեանը:
«Իրենց յարձակումները մեզ վրայ որեւէ ազդեցութիւն չեն կարող թողնել: Ինչպէս յայտնի է՝ «Մայր Հայաստան» կուսակցութիւնը դեռեւս անցած տարուանից, եւ, կարելի է ասել, իր ստեղծման օրուանից կողմ է եղել, որ ընդդիմադիր դաշտը կոնսոլիդացուի եւ մենք ինքներս օրինակ ենք ծառայել, ցոյց տալով՝ ոչ թէ մանդատի, աթոռի խնդիր ունենք, այլ, որ պէտք է անենլ ամէն ինչ, որ ՀՀ-ն Արցախի ճակատագրին չարժանանայ»,- նշած է ան:
Յիշեցնենք, որ երէկ Փաշինեանը յայտարարած էր՝ ԱԱԾ-ն սահմանուած կարգով յանցագործութեան մասին հաղորդում պիտի ուղարկէ ՔԿ՝ Թեւանեանի դէմ հայրենիքի դաւաճանութեան յօդուածով:
Աւելի ուշ Թեւանեանն արձագանգած էր անոր, ըսելով՝ կը պատկերացնէ՞ք՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի շահերուն ծառայող եւ պետական դաւաճանnւթեամբ Արցախը յանձնած, Հայաստանի տարածքները յանձնած Նիկոլ Փաշինեանը զիս կը մեղադրէ պետական դաւաճանnւթեան մէջ: