image

Իրանէն հարուածներ՝ Փաքիստանին

Իրանէն հարուածներ՝ Փաքիստանին

Իրանը հրթիռային եւ անօդաչու սարքերու հարուածներ հասցուցած է Փաքիստանին։

Tasnim գործակալութեան հաղորդմամբ՝ հարուածներու պատճառով ոչնչացուած է «Ճէյշ ալ-Զալում» ահաբեկչական խմբաւորման երկու կարեւոր շտաբ։

Գործակալութեան պատերազմական թղթակիցի հաղորդմամբ՝ յարձակման թիրախը Փաքիստանի Պելուճիստան նահանգի Քոհ Սապզ կոչուող տարածքն է, ուր կը գտնուէր «Ճէյշ ալ-Զալում» խմբաւորման ամենամեծ շտաբներէն մէկը։