ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ զգուշացուցած է Թեհրանը՝ վճար չգանձելու Հորմուզի նեղուցով անցնող նաւթատարներէն։ «Լաւ կ՚ըլլայ, որ այդ չընեն։ Իսկ եթէ կ՚ընեն, աւելի լաւ է անմիջապէս դադրեցնեն»,– գրած է ան իր Truth Social ընկերային ցանցին մէջ։
Մէկ այլ գրառման մէջ Թրամփ պնդած է. «Իրան շատ վատ կերպով կը կազմակերպէ նաւթի անցքը Հորմուզի նեղուցով, ոմանք նոյնիսկ կրնան ըսել՝ անազնիւ։ Սա այն չէ, ինչի շուրջ համաձայնած ենք»։
ԱՄՆ նախագահը, միեւնոյն ժամանակ, խոստացած է, որ «նաւթը շատ շուտով պիտի սկսի հոսիլ»։