image

Հոմս. Ազգային Սահակեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը 

Հոմս. Ազգային Սահակեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը 

Օրերս, տեղի ունեցած է Հոմսի ազգային Սահակեան վարժարանի շրջանաւարտներու հանդէսը: Այսպիսով, անցեալ տարիներու պատերազմի եւ աւերներու թմբիրէն վերազարթնած վարժարանը տուած է իր առաջին հունձքը:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Դամասկոսի ազգային առաջնորդարանի դիւանի հրապարակած  հաղորդագրութենէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Հինգշաբթի, 29 Մայիս 2025-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ Հոմսի Ազգ. Սահակեան Վարժարանի աւարտական շրջանաւարտից հանդէսը:

Վերջին տասնամեակին Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմին պատճառով Հոմսի Սբ. Մեսրոպ եւ Ազգ. Սահակեան Վարժարանին շէնքը զգալի վնասներ կրեց: Սակայն Դամասկոսի Հայոց Թեմի ջանքերով եւ Հունգարիոյ պետական Hungary Helps կազմակերպութեան օժանդակութեամբ, եւ Մերձ. Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի ու KiA Հոլլանտական Աւետարանական եկեղեցիներուն հետ համագործացաբար, կարելի եղաւ վերանորոգել ազգային շէնքը, որուն երդիքին տակ սկսան գործել եկեղեցին եւ դպրոցը:

Արդարեւ, անցեալ տարիներու պատերազմի եւ աւերներու թմբիրէն վերազարթնած վարժարանը տուաւ իր առաջին հունձքը: Աւարտական հանդէսը գեղեցիկ յայտագիրով եւ աշակերտներուն ժպիտներով ողողուած յոյսի մեծ ջերմութիւն շնորհեց Հոմսահայութեան:

Շրջանաւարտից հանդէսին ներկայ գտնուեցան Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, Ազգ. Քաղաքական Ժողովի անդամ տիար Նազարէթ Նազարեանը, Հոմսի Սբ. Մեսրոպ Եկեղեցւոյ Թաղականութեան ատենապետ տիար Վազգէն Խաչատուրեանը, հոմսահայեր եւ ծնողներ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդէսի աւարտին, օրհնութեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց պատմական այս օրուան կարեւորութիւնը եւ շնորհաւորեց բոլոր աշակերտներուն յաջողութիւնը եւ ծնողները, ապա շրջանաւարտ փոքրիկներուն յանձնեց վկայականները: