Ատրպէյճանցի շիիթ զօրավարները կրնան ապստամբիլ թրքական թեքում ունեցող հրամանատարութեան դէմ: Այս մասին տելեկրամի իր էջով գրած է է WarGonzo-ն:
Ըստ նոյն աղբիւրին զօրավարները որոշած են այդ քայլին դիմել, այն բանէն ետք , երբ թրքական հրամանատարութիւնը զիրենք հեռացուցած է բանակի ղեկավարումէն։ Անոնք նաեւ բողոքած են, որ շիիթ զինուորները յայտնուած են թրքական զօրահրամանատարներու հրամաններուն տակ։
«Ալիեւ եւս կը կորսնցնէ իրավիճակի նկատմամբ իր վերահսկողութիւնը:Ներկայիս անոր շուրջ ներքուլիսային բախում մը կը հասուննայ։
Փաշաեւներու գլանը (խոսքն Ալիևի կնոջ գլանի մասին է) կը պահանջէ, որ Ալիեւը արտաքին ղեկավարումը ամբողջութըամբ յանձնէ Անգարային։
Ինք Ալիեւ կը փորձէ խորամանկութիւն ընել եւ երկխոսութիւն ձևացնել Մոսկուայի հետ, որպեսզի խուսափի Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու ծայրահեղական-սկանտալային խզումէն։ Բայց ան կը հասկնայ, որ ամէն պարագայի ստիպուած է «յանձնուիլ» Էրդողանին»,-կը գրէ աղբիւրը։