Գերմանիոյ Ներքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Տոպրինթ ծագումով թուրք Սինան Սելենը նշանակած է Գերմանիոյ Սահմանադրութեան պաշտպանութեան դաշնակցային գրասենեակի (Bundesamt fur Verfassungsschutz) պետ, որ պատասխանատու է ներքին հետախուզութեան։ Առաջին անգամ է, որ Գերմանիոյ մէջ գաղթականի մը կը վստահուի պետութեան ապահովութեան համակարգին մաս կազմող հիմնարկի մը ղեկավարութիւնը։
Սելեն, ցարդ յիշեալ գրասենեակի փոխնախագահն էր եւ տասը ամիսէ ի վեր ալ առժամաբար կը վարէր նախագահութեան պաշտօնը, այդ աթոռը թափուր մնացած ըլլալով։ Անոր նշանակումը այժմ պաշտօնապէս հաստատուած է եւ ըստ գերմանական մամուլին՝ Սելեն երէկ, 15 Սեպտեմբերին պաշտօնապէս ստանձնեց իր պարտականութիւնները՝ գլխաւորելով շուրջ 4200 աշխատակիցներով հիմնարկը։
Սելեն ծնունդով Իսթանպուլցի է, հակաահաբեկչական պայքարի մասնագէտ, ծնած է 1973-ին։ Լրագրող ծնողներու աշխատանքին բերմամբ՝ ան 4 տարեկանին Գերմանիա փոխադրուած է։ Իրաւաբանութիւն ուսանած է Քէօլնի համալսարանին մէջ։ Ապա, աշխատած է իբրեւ վարչական իրաւաբան՝ Ներքին գործոց նախարարութեան եւ Դաշնակցային քրէական ոստիկանութեան մէջ։ Յունուար 2019-ին նշանակուած է Սահմանադրութեան պաշտպանութեան դաշնակցային գրասենեակի փոխնախագահ։ Ըլլալով միջազգային ահաբեկչութեան ծանօթ մասնագէտ մը, ան կ'անցնի երկրի ապահովութեան ամենազգայուն պաշտօններէն մէկուն գլուխը։