Պոլսոյ Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք Մութաֆեան Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի խնդրով հանդիպում ունեցած է ամերիկահայ իրաւաբան, փաստաբան Վարդգէս Եղիայեանին հետ: Հանդիպումը կայացած է Ֆրանսայի մէջ, ուր Տ. Մեսրոպ Սրբազան Մութաֆեան, մտահոգուած ՀԲԸՄ-ի տնօրինած Մելգոնեան վարժարանի փակման խնդրով, Վարդգէս Եղիայեանին թելադրած է դատ մը բանալ: Եղիայեան, քննելէ ետք առաջարկը, ըսած է, թէ տրուած ըլլալով, որ պատրիարքարանը կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ, ապա դատը պիտի բացուի իրաւական հիմքերով այդ պետութեան կապուած կառոյցի մը կողմէ եւ այդ մէկը դժուար կացութեան մը մէջ պիտի դնէր զինք: «Ես ճիշդ չեմ համարեր, որ թուրքեր դատ բանան Բարեգործականին դէմ»,- ըսած է Եղիայեան: Տ. Մեսրոպ Սրբազան, հասկնալով իրավիճակը, իրաւաբանին ըսած է, թէ պատրիարքարանը Մալթայի մէջ գրանցուած գաղտնի բարեսիրական միութիւն մը ունի եւ դատը կարելի է բանալ այդ կառոյցին անունով: Նշենք, որ իրաւաբանը դատի նախապատրաստական աշխատանքները ընելու համար այնուհետեւ մեկնած է Նիկոսիա՝ ամբողջացնելու դատին թղթածրարը: Եղիայեան, որ այս մասին խօսեցաւ «Արեւելք»ին, նաեւ յայտնեց, որ «Բարեգործականին դէմ դատը պիտի բացուէր եւ Պատրիարքին հիմնական մտահոգութիւնը «Մելգոնեան»ը վաճառելու վտանգն էր, բայց աւելի ուշ, երբ պարզ դարձաւ, որ Կիպրոսի կառավարութիւնը արգելք դրաւ դպրոցը վաճառելուն դէմ, այն ատեն մենք սրբազան հօր փափաքով փակեցինք օրակարգը»: Նշենք, որ Եղիայեանի եւ Պատրիարք Մութաֆեանի հանդիպումը կայացած է վարժարանի փակումէն տարի մը անց եւ հանդիպումը եղած է խորհրդապահական պայմաններու մէջ: 1924-ին Մելգոնեան եղբայրներու կողմէ յատկացուած գումարներով եւ Տ. Զաւէն Պատրիարք Եղիայեանի տնօրինմամբ կառուցուած Մելգոնեան «որբանոց-վարժարան»ը 78 տարիներ գործելէ ետք փակուեցաւ 2005 թուականին եւ ցայսօր կը շարունակէ փակ պահել իր դռները: Հակառակ Բարեգործականի ղեկավարութեան պնդումներուն, Կիպրոսի կառավարութիւնը իրաւական արգելք դրած է վարժարանի վաճառման դէմ՝ շէնքը եւ կառոյցը համարելով պատմամշակութային արժէք: