image

Ի յիշատակ՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի

Ի յիշատակ՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի

Օրեր առաջ Աթէնքի մէջ իր մահկանացուն կնքած էր Սփիւռքահայ իրականութեան մտաւորական ձայներէն վաւերական անուն հանդիսացող՝ Յարութիւն Քիւրքճեանը։

Քիւրքճեան ապրած եւ գործած էր, որպէս ուսուցիչ, դասատու եւ խմբագիր։ Ան նաեւ իր ուրոյն տեղն ու դիրքն ունէր կապուած Սփիւռքի մտաւորական գիծի կազմաւորման եւ մտածումին առընթեր։

Այս առթիւ ստորեւ կը ներկայացնենք Քիւրքճեանի վաստակին անդրադարձած «Ժամանակ» պարբերականի աշխատակից՝ Անոյշ Թրվանցի  վերջերս տպագրուած յօդուածը։

Սփիւռքահայ կրթական մշակ, դասախօս, գրագէտ, դասագիրքերու հեղինակ, յօդուածագիր, հասարակական գործիչ եւ նշանաւոր գրականագէտ Յարութիւն Քիւրքճեանի մահը շաբաթավերջին գուժեցին զանազան լրատուական հարթակներ:

Յունաստանի Նէոս Քոզմոսի (Ֆիքս) Ս. Յովհաննէս Կարապետ եկեղեցւոյ կողմէ, տրուեցաւ հիմնական մահախօսականը, ուր կ՚ըսուէր, թէ յուղարկաւորութիւնը եւ թաղման կարգը պիտի կատարուին սեղմ ընտանեկան շրջանակի մէջ եւ կը խնդրուի յարգել հանգուցեալին ու ընտանիքին փափաքը… Մտաւորականը 1980-ականներու սկիզբին հաստատուած էր Աթէնք, ուր տիկնոջ՝ Մարօ Քալայճեանի հետ հրատարակած են մայրենի լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերու «Հայրենի աղբիւր» եւ «Հայ կեանք եւ գրականութիւն» շարքերը։

Մինչ այդ՝ ուսման, գործունէութեան նշանակալի ճանապարհ անցած է Յարութիւն Քիւրքճեան:

Ծնած է Լիբանան՝ 1943 թուակաւնին: Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը կը ստանայ Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանը, 1956-1963 թուականներու միջեւ: Ուսումը կը շարունակէ Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանին Փիլիսոփայութեան դպրոցին մէջ եւ ապա Ֆրանսա անցնելով, կ՚աւարտէ Սորպոնի համալսարանը՝ տիրանալով Փիլիսոփայութեան մագիստրոսութեան տիտղոսին՝ 1978-ին։

Ուսումի տարիներուն ընթացքին եւ ետք՝ շուրջ քսան տարիներ 1964-1984 թուականներուն միջեւ, Պէյրութի հայկական կրթական հաստատութիւններու մէջ (Նշան Փալանճեան ճեմարան, Հայկազեան համալսարան եւ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկ) կը դասաւանդէ հայերէն՝ իբր մայրենի կամ երկրորդ լեզու, ֆրանսերէն, հայ գրականութիւն եւ փիլիսոփայութիւն։ Կ՚աշխատակցի հայ գրական մամուլին՝ «Բագին», «Ահեկան», «Յառաջ», «Ազդակ», եւ այլն:

Կը հեղինակէ մանկավարժական, դաստիարակչական, քաղաքական գիրքեր, կը գործակցի ուրիշ գրագէտներու հետ՝ գրական գործերու հրատարակման, խմբագրման եւ այլ գրական աշխատանքներու մէջ:

Ունի ծաւալուն հասարակական գործունէութիւն: Իր վերջին ստեղծագործութիւններէն է «Բագին» մատենաշարէն լոյս տեսած «Սփիւռք եւ ինքնութիւն» հատորը (2023):

Նորոգ հանգուցեալ մտաւորականի յիշատակին կը նուիրենք իր մէկ գրութիւնը՝ տպուած «Ի դէպ» պարբերականին մէջ (Լոս Անճելըս, 2008, թիւ 6):

 

ՉՈՐՍ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿ ԵՏՔ
(Հանգրուանի նօթեր)

-Կը պատկերացնե՞ս,- կ՚ըսէ հին ընկերդ,- քառասո՛ւն տարի. քառասո՛ւն տարի կ՚ընէ 68-ի օրերէն մինչեւ այսօր: Այսինքն աւելի քան մեր այն օրերու հեռաւորութիւնը՝ Նահանջի, Փորձի, Անջրպետի ժամանակէն, 20-ականներու աւարտէն…:

Կէս ժամ առաջ գտաք իրար. չէիք հանդիպած՝ տարիներ: Եւ ահա, առաջին ողջագուրումներէ եւ փոխանակումներէ ետք, այս անդրադարձը՝ իր բերնին:

…Ժամանակի անցքին անգիտակից չէիր լրիւ: Բայց ինչպէ՞ս չէիր անդրադարձած ժամանակամիջոցներու այս մէկ համեմատութեան՝ «Աւելի քան…»: Թերեւս քու յարաբերական առանձնութի՞ւնդ՝ եւրոպական Միջերկրականի արեւելեան ափերուն: Կամ մտասեւեռեալ անուշադրութի՞ւնը՝ իր ըրածի օգտակարութեան համեստօրէն համոզուած, անով տարուած մարդու: Կամ պարզապէս կենսաձեւ դարձած որոշ եպիկուրեանութի՞ւն…: Նոյնիսկ յաճախակի այցերդ սփիւռքի հին «մայրաքաղաք»ին՝ ծննդավայր Պէյրութիդ, համայնքիդ, քեզի չէին տուած առիթ ընկալելու ժամանակի այս թաւալքը…

Բայց այսօր, ահա, այս հանդիպումը՝ փարիզեան ուսանողական օրերու ֆրանսահայ ընկերոջդ հետ: Հիմա դուն ես հիւրը հին բնավայրիդ մէջ, ինք՝ հիւրընկալը, «տեղացին»: Նոյնիսկ եթէ հոս կը գտնուի ժամանակաւոր «տեղացիութեամբ», իբր դասախօս Պէյրութի հայկական համալսարանի հայագիտական բաժինի-Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլուր տարիներով ապահովելէ եւ արժեւորելէ ետք նոյնպիսի ամպիոններ… Այո՛, ժամանակը կը սուրայ: Եւ տասնամեակներու թաւալքին հետ անոր թակարդը բռնուած ապրող-մտածող էակ՝ պահ մը ա՛լ, կամայ-ակամայ, ինքզինքդ կը տեղադրես կացութիւններու փոփոխուող հեռանկարի մը մէջ: Անհատական թէ հաւաքական գոյահոսքի հեռանկար, որուն զանազան կտրուածքները, ժամանակի այս կամ այն կէտին վրայ, քեզ կը մղեն հանգրուանային հարցադրումներու: Նոյնիսկ եթէ կը խորշիս յաճախակի հանգրուան նշելու պայմանական ծէսէն…

***

Կար ու չկար՝ սփիւռք մը կար- 60-ականներու սփիւռք մը, իր երեք-չորս տասնամեակներու թիզ մը պատմութեամբ: Սփիւռք մը՝ կայուն, պատճենահանուած. Միջին Արեւելքը՝ Միջին Արեւելք, Եւրոպան՝ Եւրոպա, Ամերիկան՝ Ամերիկա - ու այսպէս՝ շարունակաբար:

Իրականութիւնը, ճիշդ է, աւելի բարդ է -ինչպէս միշտ: Գաղթային տեղաշարժ մը միշտ ալ զգացուեր էր: Եկած-անցած էր զանգուածային հայրենադարձ՝ յետոյ նոր ելքով Երկրէն (դեռ մանրալիքներով): Արտագաղթ կը ճանչնար սփիւռքի Արեւելքը՝ Եգիպտոս, Սուրիա, Լիբանան, Իրան-դէպի Արեւմուտք. ոմանց համար՝ Աւետեաց երկիր, ոմանց՝ մեկնումի անբացատրելի մղումի մը «վերջին սահման». դեռ ուրիշներու՝ պարզապէս գիտութեան-ուսումի փարոս…: Բայց ժամանակաշրջանը ինքնի՛ն կայուն էր առհասարակ. նուազ հաղորդակից էին մոլորակի գօտիները, տեղափոխումները՝ համեմատաբար սակաւ:

***

Դուք, մնայուն կամ ժամանակաւոր կեցութեամբ 60-ականներուն Միջին Արեւելքէն Արեւմուտք յանգած նորերդ, եկած՝ փնտռելու ո՛չ թէ կասկածելի արժէքներու հանք «Աւետեաց երկիր» մը, այլ ձեզի համար իսկ դեռ ճշդելի ուրիշ բան մը,- կ՚ապրէիք ներիմացումը նոր տեսիլքի մը. ձեր մէջ արդէն կ՚ուրուագծուէր մերժումը Արեւելք/Արեւմուտք, հայապահպանում/ձուլում մանիքէական երկուութեան: Եւ աւանդական պատկերացումներու այս խախտումը, հայութիւնը մտածել փորձող իրերահաղորդ միջին-արեւելքցի երիտասարդներուդ համար, մեկնակէտ ունէր դիտարկումը Արեւմուտքի հայածին նոր սերունդին, անոր՝ հայութեան դեռ կապուած մէկ շերտին…:

Տեղւոյն վրայ ձեր ճանչցած ֆրանսահայ, ամերիկահայ տարեկիցներուն մօտ, ճիշդ է, դուք հաստատեր էիք հայեցի այն ապամշակութայնացումը, որուն կը սպասէիք. լեզուական-մշակութային խոր թացումը, որուն հեռակայ ծանօթացումը ունեցած էիք՝ երէցներու ողբագին ահազանգումներուն մէջէն: Բայց ինչ որ անծանօթ էր ձեզի ու կ՚երեւէր իբր անսպասելի գիւտ մը՝ արեւմտեան սփիւռքի այդ նորերուն մօտ հոգեմտաւոր բացութիւնն էր, չըսելու համար՝ վառ հետաքրքրութիւնը, հանդէպ հայեցիութեան ոլորտին՝ առհասարակ:

Բարդոյթներէ զերծ, անկաշկանդ այս տրամադրելիութեան մէջ, գործնական կա՛մ ակադեմական-տեսական տրամադրելիութիւն, դուք կը տեսնէիք ստուերը անհուն կարելիութիւններու, կորսուա՛ծ կարելիութիւններ՝ անցած տասնամեակներու եւ սերունդներու հաշուին: Անհատոյց պարտք, որ կ՚արձանագրէիք՝ առաջին սերունդներու ղեկավարութեան ու մտաւորականութեան անունին դէմ, ուժերու ցրուումի, մսխումի՛ սիւնակներուն տակ: Կարելիութիւններ՝ սակայն դեռ «փրկելի», այս կամ այն համեմատութեամբ - քանի ի վերջոյ մարդկային որեւէ համայնք, քանակ ըլլալով հանդերձ, նաեւ ու մանաւանդ է՛ որակ, որակով կայացող…:

Այդ անդրադարձի, անսպասելի գիւտի, գործի նոր դաշտի ու մարտահրաւէրի այդ ժամանակէն՝ ահա՛, հին ընկերդ. այս կապը՝ այսօր վերագտնուող, կրկին ամրացող: Պահ մը քեզ անցեալ փոխադրող, եւ մանաւանդ ներկադ կամրջող անցեալ տեսիլքի մը, հասարակաց՝ քեզի, իրեն եւ ուրիշներու…:

***

…Կայուն աշխարհ մը՝ երէկի աշխարհը, կ՚ըսէիր: Տպաւորութիւնը չի յղուիր միայն տեղաշարժներու սակաւութեան առարկայական տուեալին: Անիկա, 60-ականներու սերունդի ձեր թեւին համար, կրող է ահա մի՛ւս՝ որակային, խորքայի՛ն փաստին - լճացումի, գաղափարային ճահիճի իրականութեան: Նահանջի ողբով եւ անոր առընթեր ապիկարութիւններով բնորոշուող, եւ որ կը շարունակուէր ձեր օրերուն ալ…:

Դուք, արեւելեան կողմն աշխարհի բնօրրան ունեցող, սակայն անկաշկանդ դատումներու ձգտող՝ այդպէ՛ս կը տեսնէիք «կայուն» սփիւռքը՝ հայապահպանման գաղափարախօսութեան սփիւռքը. կը կշռէիք անոր թշուառութիւնն ու սնանկութիւնը: Գաղափարային կեթօն, որ՝ ծնած Եղեռնի սարսափէն ու համրութենէն, աճած ու բարդացած՝ քաղքենի տեղայնացումի, ապամշակութայնացումի պահպանողականութեամբ, լաւագոյն պարագային անկապակից կիսամիջոցներու լծուած՝ իր փոսը կը փորէր իբր հայ հաւաքականութիւն, խուճապահար, միանգամայն ողբալով այդ «մօտալուտ» վախճանը, խժալուր ողբով ու կանխիկ…: «Կը նահանջե՜նք… կը ձուլւի՜նք»:

***

60-ականներուն հասած սերունդ, սերունդի մը մէկ թեւը, դուք չունէիք յաւակնութիւնը ձեզ պատկերացնելու իբր ռահվիրաներ: Երիտասարդական սովորական միամիտ հպարտութիւնը չէր ձեզ ծառացնողը. կը տեսնէիք շրջապատող աւերը: Նաեւ գիտէիք, որ սփիւռքի առաջին իսկ տարիներէն՝ 1930-ի շուրջ, անոր վերապրումի ուղին, պարզ ու մեկին, բայց քիչերէ, երեւի միայն տեսանողներէ՛ նկատելի՝ մատնանշուած էր արդէն:

«Հայ ոգին՝ ես ինծի՝ նմանցուցած եմ միշտ նաւաբեկութենէ մը ազատող Ռոպէնսոնին: Անիկա պիտի գիտնայ ինքզինք պաշտպանել ու իր խրճիթը շինել զանազան բեկորներով… Այս սերունդը պէտք է նետէ պահպանողականութիւնը, ծուլութիւնը… պէտք է գիտնայ բացառիկ բախտը, որ ազգային դժբախտութիւնը տուաւ իրեն՝ գաղթը: … Փախաւ, սահեցաւ մեր հայրենիքը մեր ոտքերուն տակէն, ծովին տալով մեզ: Բայց լաւագոյն առիթն է աս՝ լողալ սորվելու համար: Մեզի կը մնայ սուզուիլ՝ առանց երկար-բարակ չափելու, առանց վախի»:

Կամ՝ չափածոյի կշռոյթով՝ «Նոր է, նոր, նոր, որ անբան

Մեր տրտունջներն հեգնելով, ատելութիւնն ամբողջ մեր

Ոռոգելով, հարուստ ծով

Մը կուրծքիս տակ՝ կը ծնիմ…»

(Երկուքն ալ՝ Նիկողոս Սարաֆեանէն: Նոյնաշեշտ ելոյթներ կարելի է գտնել արդէն 30-ական այլ գրագէտներու մօտ, անշուշտ ֆրանսահայ):

Սերունդ մը աւելի կանուխ, ուրեմն, արդէն տեսանողներ կը տեսնէին այդ էականը, տարրականը.- Ցրօնք դարձած հաւաքականութիւն մը դատապարտուած է կորուսման՝ եթէ զիջի պահպանման վախի բնազդին, ինքնակրկնումի եւ լճացումի զառիթափին: Բայց ան կրնայ իր ճամբան ընել «ռոպէնսոնաբար»՝ «առանց երկար-բարակ չափելու, առանց վախի», եթէ գիտնայ իր մէջ վերագործօնացնել դարաւոր ատակութիւն մը միջմշակութային «բացուածք»ի, ատակութիւն՝ «միւս»ը ընդունելու, իւրացնելու, «օտար»ը հարազատելու, ու մշակութային սեփական ինքնութիւն վերակերտել-ապրեցնելու: Թէկո՛ւզ ընդլայնուող, մոլորակացող 21-րդ դարեան աշխարհի մը մէջ:

Այո, այդպէս: Դուք «յուշարար»ներ էիք, ո՛չ ռահվիրաներ: Ատոր համար իսկ ձեր մէջ՝ լրջութեան եւ ինքնագիտակցութեան հաւասար էր ձեր համեստութիւնը…

***

Այս վերյիշումները, մտածումի այս թեմաները յաճախեր են քեզ ամէն անգամ որ կարճատեւ թռիչքէ մը ետք՝ օդանաւը հպեր է գետին. եւ շնչեր ես Պէյրութի, Պուրճ-Համուտի, Անթիլիասի խոնաւ, թխմուած մթնոլորտը:

Այս բոլորը հարազատ զգացեր ես քեզի, բայց եւ օտա՛ր միանգամայն: Օտարութեան խոր, ծածուկ տպաւորութեամբ մը, ներսդ հեռուն, այլապէս իրակա՛ն ջերմութեան, խանդի խաւերու տակ ծածկուած…: Ինչո՞ւ օտար. դո՞ւն կորսնցուցեր ես հարազատութեան զգայնութիւնդ: Կամ Պէյրութը՝ ի՞նքը…: Կամ՝ ի՞նչ հասկնալ «հարազատութիւն» պիտակով: Եղե՞ր է երբեւիցէ հարազատութիւն՝ առանց ինքնագիտակցութեան: Եւ ինքնութեան, ինքնաճանաչումի ե՞րբ եւ որքանո՞վ ատակ է եղած այս համայնքը, այս բնավայրը՝ որ ծնած է (եւ սնա՞ծ) քեզ: Իրմէ նուազագոյն հեռաւորութեամբ մը, կենսակա՛ն հեռաւորութեամբ մը զինք արդէն պղտոր գիծերով ընկալելու փաստը՝ հաւաքական անդրադարձումի, հաւաքական ինքնաճանաչումի այդ անբաւարարութենէն չէ՞ որ կը բխի…: Հայ Պէյրութը որքանո՞վ կը ճանչնայ ինքզինք - հարց կու տայիք արդէն չորս տասնամեակ առաջ:

Իսկ անկէ ի վե՞ր…: Ահա՛. մէկ ուրիշ սերնդակիցդ, գիրի-արուեստի ճգնաւոր՝ շատոնց արդէն «Լոյս քաղաք»ի խորհրդապահ ստուերներուն ապաւինած, վերջին տասնամեակին, որմնանկարներու վիպաշարով մը՝ նոյն այս հայ Պէյրութի առաջին կէս դարը յանձնեց գրական անմահութեան (անհամ այս փոխաբերութիւնը թող ներուի. բայց այդ է եղածը): Իսկ հոս՝ Պէյրութ, ո՞վ անցած է անոր Սեմերէն, ընկալած անոր Նշանները, Պատկերները. ցնցուած՝ անոր հայրասպանին Հարուածէն…: Ատլանտեանէն անդին տեղի ունեցած գրական երեկոյ մը, Երկուք վէպին շնորհահանդէսը, առիթ կու տար երիտասարդ ընկերոջ մը, ինքն ալ գրագէտ, քեզմէ առաջ նշելու փարատոքսը. որ այդ վիպական աշխարհը, ստեղծագործութիւնը՝ անգիտացուած է հայ Պէյրութէն, այն միջավայրէ՛ն իսկ, որ անոր հումքն է ու մեկնակէտը…:

Ամբողջ տասնամեակներու լիբանանեան քաղաքական ճգնաժամը, իրեն ընկերացող մարդուժի արտահոսքով, թերեւս պատճա՞ռ մը՝ զգայազրկման այս վիճակին…: Դժուար է հաստատել նման չքմեղանք, եթէ նոյնիսկ կարելի չէ զայն ետ մղել լրիւ…: Այլ պատճառներ ալ կան անկասկած (բայց պատճառներու հետախուզութիւնը չէ որ կը զբաղեցնէ քեզ հոս. կը բաւէ հաստատել հոգեմտաւոր մթնոլորտի, ինքնաճանաչման ձգտումի անբաւարարութիւնը…):

Արդէն՝ նոյնպիսի անբաւարարութիւն չե՞ն դրսեւորեր աւելի «բնականոն» պայմաններ ապրող սփիւռքեան շատ համայնքներ: Սկսած՝ այսօր բաբելական կենդանութիւն մը ցուցաբերող հեռաւոր-արեւմտեան մեծ գաղութէն, անոնք չունին անպայման աւելի հարուստ հոգեմտաւոր մթնոլորտ՝ ինքնագիտակցութեան հեռանկարի մէջ: Ու կ՚այցուիս յիշատակովը ուրիշ ճգնաւորի մը, տեսանողի մը - նոր հեռացած մեր աշխարհէն…: Եւ յիշատակովը իր մէկ ցնցիչ, կենարար գործին, որուն կշիռքով կշռուեցաւ այդ մեծագաղութը, եւ… թեթեւ գտնուեցաւ: Արդարեւ, ինչպէ՞ս չյիշես հոս՝ հայ ինքնութեան հիւլէական տարբաղադրում-համադրումը պատկերող «Օծում»ը - Վահէ Օշականի, եւ իր ստեղծած գռեհիկ հակազդեցութիւնները…:

Ուրեմն սխալ հասկնալ պիտի ըլլար՝ քեզի վերագրել ինչ որ ստորագնահատման, ստորադասման միտում - հայ Պէյրութի հաշուին: Հարցը առաջնութեան կամ վերջնութեան հարց չէ - անդրադարձ գիտակցութեան մը ընդհանրական պակասին հարցն է, հոս թէ հոն, վիճակի մը՝ որ տասնամեակներ առաջ կը հաստատէիք սփիւռքի «մայրաքաղաք»ի հաշուին, եւ որ կը յամենայ տակաւին…

***

Չես մոռնար աշխարհասասան փոփոխութիւններ, մեր «փոքր ածուին» հասնող իրենց ալիքներով նաեւ.- Ու մանաւանդ՝ Հայաստանի անկախացում, պետութեան կայացում՝ թէկուզ տաժանելի ու թերաւարտ երկունքով, սփիւռքի անսպասելի աճում ու բազմապատկում, ե՛ւ թուական-քանակային, ե՛ւ աշխարհագրական գօտիներու, ե՛ւ հայու «ազգագրական» տիպարի նոր, յաւելեալ բարդացումով: Որոնք աննախընթաց «խղճի քննութեան», ինքնութեա՛ն քննութեան մը ատեանին առջեւ քաշեցին սփիւռքը՝ առանց խորքային նուազագոյն պատրաստութեան: Զայն պարպեցին իմաստէ, իր ընկալեա՛լ իմաստէն. միւս կողմէ երեւան հանելով, պարտադրելով արեւու լոյսի պէս պայծառ՝ գիտակցումը անոր ոչ-ժամանակաւոր կարգավիճակին: Սփիւռք-Հայաստան մնայուն, համաժամ գոյակցութեան մը ճակատագրին: Արդէն կանխատեսելի, եթէ ոչ իսկ հաստատուած իրադրութիւն, բայց այժմ՝ ի պէտս կարճատեսներու եւ ջայլամներու:

Ուրիշ ի՞նչ բերաւ մեզի անցնող քառասնամեակը-համաշխարհային հոլովոյթէ բխած նոր իրադրութեան մը կրաւորական ընդունումէն անդին: Համասփիւռքեան, ապահամազգային որոշ կառոյցներու ստեղծում, ազգային էական ձգտումներու հետապնդում միջազգային բեմի, այլեւ փաստը՝ պարտադրուած պատերազմի մը մարտահրաւէրը վերցնելու եւ յաղթական դուրս գալու…: Այս բոլորը, չես մոռնար, կը կազմեն հաշուեկշիռի տախտակին դրական թեւը՝ «պահանջէ»ներու սիւնակը: Ազգային պետութեան կայացման մէջ անոնց առկայութիւնը՝ զգալի: Թէեւ յաճախ ծանրօրէն անբաւարար-այս ալ, երեւի, օրինաչափ ուղեկից-ախտանիշը՝ բոլոր Հայրենիքներու եւ Սփիւռքներու յարաբերութիւնները ախտահարող…

***

…Բայց այս բոլորը շատ հեռու կ՚երթան, կը խուսափին համառօտութեան ձգտող ընդգրկումէդ: Եւ քեզ կը հեռացնեն Հայկազեան համալսարանի մատենադարանի մտերմիկ մթնոլորտէն ու նոր հանդիպումէդ: Վայելքէն՝ կրկին ներկային բերել-առընչելու տասնամեակներ առաջ ընդհատուած զրոյցի մը թեմաները. ներյայտ կապերը:

Բայց եւ ծնող ափսոսանքը, ինքնամեղադրա՛նքը՝ թէ ինչո՛ւ չես պահած, չէք պահած կապը համակողմանի ճիգով։ Ինք՝ դասախօս ընկերդ, սփիւռքի արեւմտեան կողմանց ծնունդ, անոր ուղիներու մենաւոր ճամբորդ, խոպանացող հողերու վրայ հայ նոր մշակոյթի հերկ ընող հազուագիւտներէն: Ճգնաւոր մը իր կարգին՝ նոյնքան քիչ ճանչցուած, որքան իր սերնդակից-բախտակիցները (վկայ՝ իր հիմնած-խմբագրած վերլուծական Կամ հանդէսին յաջորդական ճոխ հատորները, մամուլի մէջ ցրուած վերլուծումները. չհաշուած դեռ՝ օտարալեզու ծանրակշիռ հատորներ): Դուն՝ որուն հարազատ է ճգնութեան այս աշխարհը. նոյնիսկ եթէ այլ ձգտումներ քեզ հեռու պահած են ամբողջական ներդրումի նոյնպիսի քայլէ:

***

…Ապա՝ լսարանն էք, ուսանողներուն հետ զրոյցի: Անոնք ժամանակը ունեցած են, քանի մը ամիս, ընկալելու իրենց դասախօսին հիմնական հարցադրումները, մտահոգութիւնները: Արդէն՝ ինչպէ՜ս կրնար ինքնութեան որոնումը, հայեցիութեան նոր ձեւակերպումներու առաջադրանքը հարց չըլլալ - նոր, արթուն մտքերու համար:

Եւ նորերը կը խօսին, կը հարցադրեն: Զրոյցը կը դառնայ իրենց քննարկած մէկ գրութեան շուրջ, քաղուած նոյն այդ 60-ականներու Ահեկան պարբերաթերթի էջերէն: Միշտ՝ հաւաքական ինքնագիտակցութեան, սեփական իրագործման առնչուող թեմաներու արծարծումով: Քառասուն տարի առաջ եւ այսօր. 60-ականներու սփիւռք եւ 21-րդ դարասկիզբի սփիւռք… Նոր կացութիւններ, նոր պայմաններ…

Պահ մը, կարծես զրոյցի ալիքը ճեղքող թիավարումով, հին ընկերդ քեզի կը դառնայ. «Եւ մե՛նք ի՞նչ կրցանք ընել,- հարց կու տայ,- մենք, որ ճամբայ ելած էինք մեր երէցներէն տարբեր գործելու, սփիւռքը իր քայքայումէն դուրս բերելու առաջադրանքով…»:

Հարցումը հոն հարցում չէր՝ հաւանօրէն՝ պատասխանի սպասող: Քեզի համար, ըսիր արդէն, հարցադրում է: Ինքնահարցադրում: 1968-ի երիտասարդական Ահեկաններէն մինչեւ 2008-ի ուսանողական լսարանները, մինչեւ ծալովի էջերը երիտասարդական մամուլի նորօրեայ մենաւոր ճամբորդ Ի դէպի (որուն համար գրի կ՚առնես զայն),- այդ հարցադրումը ինքնութեան որոնման մը, ինքնագիտակցային ճիգի մը անվերջանալի հրամայականին շեշտումը կը կանչէ ամէն բանէ առաջ: Դիմագրաւելի նոր կացութիւններու մէջ՝ անիկա «ամէն րոպէ լուծելի, բազմաթիւ անծանօթներով, բարդ հաւասարում է» պիտի ըսէիք երբեմն:

Բայց հոս, այս պահուս, հարցադրումը ականջիդ կը հնչէ նաեւ տեղ մը կրուած հաշուեպահանջ հարցականի շեշտով.- Ի՞նչ եղաւ ձեր ճիգին, լարումին ելքն ու արդիւնքը: Ի՞նչ եղաւ երազուած, սպասուած, կանչուած «ձեր» սփիւռքը, «վաղուան սփիւռքը». կայացա՞ւ՝ իր Ներկային հետ ա՛լ հաշտ, օտարումէ ձերբազատ, ցրուած բայց ցրուումին մէջ միացած, ցրօնքը յաղթահարած սփիւռքը-իբր համայնական կեանքի ուրոյն ձեւ: «Մենք ի՞նչ կրցանք ընել»…

Արդեօ՞ք կիսակառոյց սփիւռքի մը մէջ՝ կարելի է ձգտիլ միայն փակ, փոքրաթիւ հոգեմտաւոր հարազատներու համայնքի մը…: «Կարելին ա՞յդ է միայն-անրջական կարելին…»- ինչպէս Թէքէեանի մը համար…

Խոստովանէ՛, որ երբեմն այդ միակ կարելիութիւնը կ՚երեւի քեզի իբր հեռանկար - եթէ կրնաս հեռանկար կոչել այնքան անձուկ, գոց հորիզոն մը: Բայց երբեմն ալ կ՚ունենաս յաւելեալ կարելիներու ներիմացումը (յո՞յսը): Կ՚ըսես՝ ինքնախաբէութիւն չէ հաւատալ նոր գաղափարներու անզգալի, աստիճանական թափանցումին «հիմնարկայնացած» միջնաբերդերէ ներս: Երբեք անակնկալի չե՞ս եկած, վերջին այս տարիներուն, նման ամրափակ ենթադրուած վայրերու մէջ գտնելով արձագանգը հեռաւոր կանչերու. Անոնցմէ, որ ատենին անապատի մէջ կը հնչեցնէիք դուք եւ ուրիշներ…:

…Մինչ այդ, լուռ հարցում-հարցադրումներու խորքին վրայ, 2008-ի համալսարանական տղոց հետ գլուխ-գլխի զրոյցը ահա հասած է նշելու հայ ինքնութեան նոր տուեալները-«հաւասարումին» նոր անծանօթները.- Հայրենիքի հետ նոր, բարդագոյն յարաբերութիւն մը. նոր հրամայականը՝ հայու ազգագրական-մշակութային աւելի՛ եւս ընդլայնուած տիպարի մը, որ ընդգրկէ «հին» ու «նոր» սփիւռքներէ մինչեւ կորուսեալ, օտարացեալ հայրենի տարածքներու վրայ բարքերով, լեզուով, երբեմն ե՛ւ կրօնքով օտարուած հայ համայնքներ. տայ անոնց կարելիութիւն՝ յարումի, համարկումի, նախաձեռնարկ մասնակցութեան…

Ինչպէ՞ս կարելի կ՚ըլլայ, ինչպէ՞ս կ՚իրագործուի ինքնանորոգման, ընդլայնումի այդպիսի գործընթաց մը…: Ո՞չ՝ ատենին անպատասխան մնացած կանչերու ներգործութեամբ: Անուղղակի, քիչ նկատելի ներգործութիւն մը. գաղափարական սերմերու հեռաւոր ծլարձակում՝ դանդաղ ու մասնակի, բայց անխուսափելի…:

Եւ ե՞րբ, ո՞ւր արդէն այդպէս չէ եղեր յարաբերութիւնը յառաջապահ գաղափարներու եւ հաստատուած կառոյցներու, նոյնիսկ ազգապետական բնականոն կենսաձեւի մէջ ընթացող նոյն դանդաղ, մասնակի արդիւնաւէտութեամբ…:

Բայց… «Մենք ի՞նչ կրցանք ընել…»- հարցումը թո՛ղ մնայ բաց, անպատասխան: Ըլլայ խոնարհ թելադրանք ու պատգամ՝ հարցադրումի: Մնայուն ինքնահարցադրումի:

 

Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...