image

Ի դէմս շարունակուող անկայունութիւններուն հայրենի «Հերոս»ները միջազգային հարթակներու վրայ կ՚արձարագրեն պատուաբեր յաջողութիւններ

Ի դէմս շարունակուող անկայունութիւններուն հայրենի «Հերոս»ները միջազգային հարթակներու վրայ կ՚արձարագրեն պատուաբեր յաջողութիւններ

Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ տարողութեամբ հայ ժողովուրդը կը հետեւի ու հետեւեցաւ վերջին տարիներուն եւ յատկապէս վերջին շաբաթներուն, մեր հայ մարզիկներուն, ճատրակիստներուն, արուեստագէտներուն գերփայլուն առաջնութիւններուն, որոնք սիրտ կը լեցնեն ու հոգի կը բուրեն, այլապէս ալ՝ ինչպէ՞ս ընկալուեցան այս յաղթանակները, երբ հայրենիքի մէջ, տակաւին ամէն ինչ գլխիվայր մնալու թաւալգլորութեան մէջ է:

Ի դէպ, մեր նորօրեայ «հերոս»ները, որոնք մեծ յաղթանակներով կը վերադառնան հայրենիք, իրենց կրծքին Ազգային դրօշակը եւ վզին՝ մետալները, հետաքրքրական է, պետական-կառավարական ներկայացուցիչները ո՞ւր են եւ ինչո՞ւ մեծ, համաժողովրդական կարգերով եւ ընդունելութիւններով չդիմաւորեցին զանոնք, գէթ յիշատակը եւ յարգանքը պահելու այն նահատակներուն, որոնք 2020էն ի վեր, կրկնակիօրէն ու բազմակիօրէն… կը վերազոհուին:

 

 

Մեր Դիտարկումով ու Դատումով

Հայաստանի ներքաղաքական, կառավարական, ընդդիմադրական եւ առհասարակ այդ գոյավիճակներով զբաղիլը կամ անդրադառնալը անոնց հոլովոյթներուն, տեղաշարժերուն թէ զարգացումներուն, ներքին թէ արտաքին ազդակներով, այլեւս դարձած է «պարապ վախտի խաղալիք»ի տրամաբանութեամբ անհեթեթութիւն մը, անտեղի մտամարզանք մը:

Անշուշտ, մեր այս դիտարկումը, էովին ու հիմնովին կը բացատրուի համայն հայութեան հետ առընչուած հետաքրքրութիւններուն, մասնակցութիւններուն եւ կողմնակալութիւններուն, նկատի ունենալով այն բոլոր սպիներն ու վէրքերը, սայթաքումներն ու այլանդակութիւնները, անախորժութիւններն ու ապիկարութիւնները, որոնք ամենօրեայ դրութեամբ կը պարզուին բոլոր մակարդակներու ու բոլոր հորիզոնականներու վրայ:

Խօսքը, բնականաբար, այս պարագային կը պատկանի Հայաստանին, հայրենի իրականութեան, իր տատամսոտ, վարանոտ ու կմկմող քաղաքականութեամբ ու գործելաձեւերով, որոնք, մինչեւ օրս, կարելի չեղաւ անոր գոյութենականութեան ու հաստատակամութեան տալ ամուր եւ յուսադրիչ երաշխիքներ, անկախութեան երթը նուիրագործելու եւ յաւերժացնելու առումներով:

Թող ոչ ոք ցնցուի մեր այս ակնարկութենէն, ոչ ալ փնտռէ «քաւութեան նոխազ»ներ, որովհետեւ, եթէ մենք՝ դուրսէն դիտող, հետեւող կամ արձագանգող ենք տեղի ունեցող մտահոգիչ եւ անընդունելի այս կամ այն երեւոյթներուն, անդին կայ հայրենի ժողովուրդը, որ մերթ կ’ապրի մղձաւանջ, մերթ օրհասութիւն, մերթ ճգնաժամութիւն, մերթ ալ հոգեվարութիւն, երբ կը տեսնէ թէ ի՞նչ կը կատարուի իր երկրին մէջ եւ ո՞ւր էին եւ ո՞ւր են զինք պաշտպանողները ու ժողովրդային շահերուն զօրակիցները:

Վերջերս (եւ ոչ միայն անգամի մը համար), պատահաբար, դիմատետրեան էջէ մը ականջալուր դարձայ հայրենի պարզ քաղաքացիի մը խիստ ուսանելի ու խոհաշունչ խօսքերուն, որոնք ոչ միայն զգաստացնող էին, այլեւ՝ սաստող, ի տես հայրենիքը պարպող, տուն եւ օճախ, հող ու հարազատներ թողլքողներուն, իրաւացի պոռթկումով ու բուռն ընդվզումով, որուն լոյսին տակ, ակամայ սկսայ մտածել, թէ այդ կարգի հայորդիներ ու հայրենակիցներ, ինչո՞ւ օրին չփորձեցին հակազդել, զսպել կամ արգելակել նման տմարդի, օտարոտի ապահայ նկրտումներու զազրանքներուն եւ «ստրուկ»ը դարձան ոմանց այլամերժութիւններուն ու խաբեբայունութիւններուն, ընդհուպ՝ դառնալով… կոտոշաւոր դաւաճաններ:

                                           ***

Մեր այս գրութիւնը երբեք չի միտիր դեգերիլ այդ նողկալի ու գարշելի արահետներուն մէջ, որոնց անդրադառնալը կամ անոնց արձագանգելն իսկ այլեւս անհանդուրժելի է:

Պարզ է, հայրենիքը տեսնել նման մռայլութեան մը մէջ, իր բազմակողմանի ու բազմատեսակ տուեալներով, ուր պետութիւն ու ժողովուրդ, մեծամասնութեամբ, կը գտնուի հակոտնեայ բեւեռներու, պետութիւն-եկեղեցի թշնամական դիրքերու, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն զիրար «բզքտելու» հրապարակներու վրայ, ալ ինչպէ՞ս կ’ակնկալուի, որ հայրենիքը կրնայ, համապետական ու միջպետական մակարդակներու վրայ գրաւել յարգելիութեան եւ համակերպութեան ընդունելութիւններ:

Այս բազմակուտակ ու բազմակողմ ճիւղերուն վրայ, ուր «հաստատուած» են խայտաբղէտ ու ձախորդաբեր «ուրուականներ», իրենց զանազան պատկանելիութիւններով, ծառայութիւններով եւ առընչութիւններով, եթէ ձյերբազատումի, ազատազրկումի կամ վերափրկումի փորձ մը կատարուի կամ այդ ցանցով կարելի ըլլայ կայունութեան ափ մը հանգրուանիլ, շատ յստակ է, նման ու վերոյիշեալ կարգախօսներով ու գործարքներով, անկարելի պիտի ըլլայ հասնիլ հոն՝ ուր կ’ուզենք տեսնել Հայաստան-հայրենիքը:

Սակայն, լաւ կ’ըլլայ, գէթ այս հանգրուանին կամ առիթով, Հայաստանի «խառնակ» վիճակը պահ մը մէկ կողմ ձգենք եւ ակնարկ մը նետենք այն յաջողութիւններուն, յառաջդիմութիւններուն ու նուաճումներուն վրայ, որոնք կ’արձանագրուին բազմաթիւ մարզերու մէջ, յատկապէս միջազգային ոլորտներէ:

Խօսքը կը վերաբերի մարզական, մշակութային, գիտական, մտային, կրթական, պարային, ստեղծագործական, ճատրակային բնագաւառներէն ներս այն պատուաբեր իրագործումներուն, յաղթանակներուն ու մրցանակներուն, որոնց ակնդիր կ’ըլլայ հայութիւնը, խոր ցնծութեամբ, անհուն գոհունակութեամբ եւ անսահման լիութեամբ:

Այդ բոլորը մեզ կը վերյիշեցնեն, արդա՛ր հպարտութեամբ, Խորհրդային օրերուն հայերուն գրաւած թռիչքներն ու սխրանքները, թէ՛ Խորհրդային Միութենէն ներս, թէ՛ արտասահմանեան երկիրներէն, ուր հայկական ներկայացուցիչները լսելի ու դրոշմելի կը դարձնէին իրենց ազդու ներկայութիւնները, իրենց ձեռք ձգած բարգաւաճութիւններով, մակարդակութեամբ եւ որակաւորութեամբ, զարմանք ու հիացմունք պատճառելով համայն աշխարհին, որպէս արժանաւորութեանց եւ օրինակելիութեանց ցայտուն նմոյշներ:

Անկասկած, այն փառքերը եւ վարկերը, համբաւներն ու հռչակները, անուններն ու համարումները, որոնց արժանացան հայերը, իրենց մարզերէն ներս, եթէ կը պարտին յատենի Խորհրդային Միութեան կարգերուն ընձեռած քաջալերական պայմաններուն, հոգատարութեանց ու հովանաւորութեանց, բայց, նոյնքան ալ ուշագրաւութիւն էր, հայ թեկնածուներուն ունեցած ունակութեանց եւ հզօրութեանց, շնորհալիութեանց ու բարեմասնութեանց, կարողութեանց ու փորձագիտութեանց յատկանիշները, որոնցմով անոնք կրցան իրենց գոյութիւնները արժեւորել եւ բոլորին վստահութիւնները շահիլ:

Ո՞վ կրնար չհպարտանալ, չոգեկոչուիլ, նոյնիսկ չներշնչուիլ (օրինակի համար)

- Տիգրան Պետրոսեաններով (ճատրակ)

- Ալպէր Ազարեաններով (մարմնամարզանք)

- Արամ Խաչատուրեաններով (երգահան)

- «Արարատ»ով (ֆութպոլ)

- Պարոյր Սեւակներով (բանաստեղծ-բանասէր)

- Վահան Փափազեաններով (դերասանապետ)

- Ֆրունզիկ՝ Մհեր Մկրտչեաններով (կատակերգակ)

- Գոհար Գասպարեաններով (երգարուեստ)

- Վիքթոր Համբարձումեաններով (աստղագէտ)

- Կարէն Դեմիրճեաններով (պետական գործիչ)

Շա՞րքը, այնքա՜ն շատ եւ անթիւ է, որ, նման սիւնակներու մէջ զանոնք խտացնել, մէկտեղել կամ ամփոփել, անհնարութիւն է, բայց, անոնցմէ ամէն մէկը տիտան մըն էր, տաղանդ մը, հանճար մը, որոնք մեր պատմութեան սերուցն ու մեղրն էին, դափնին ու կաղնին, ինքնութիւնը եւ էութիւնը, մէկ խօսքով մեր ամբողջ իրականութիւնը, երէկուան, այսօրուան ու վաղուան հաշւոյն, պայմանով որ գիտնանք, անոնց մեծութեամբ, անկրկնելիութեամբ եւ ոգեշնչութեամբ, խորաչափել այն արժեչափերն ու չափանիշները, որոնք հայութեան գոյամարտին մէջ կրնան դառնալ մնայուն խարիսխներ եւ անփոփոխելի պատուանդաններ:

Ինչո՞ւ այս արագ հպումն ու գրանցումը, պարզապէս ցոյց տալու համար, որ հայ ժողովուրդը, ո՛ւր ալ գտնուի եւ ո՞ւր ալ բաբախէ իր հոգին, կրնայ «հպարտական ոստումներ»ով շարժիլ ու գործել, «ցեղին ձայն»ը միշտ պահելով հնչեղ ու զրնգուն:

Ահաւասիկ, այսօր, երբ հայրենիքը կ’անցնի դժուարագոյն ու դաժանագոյն պայմաններէ, ուր պետական-կառավարական նախախնամութիւնը, հոգատարութիւնն ու խնամատարութիւնը, մեղմ ըսած, այնքան ալ բաւարար ու զգալի չեն, ո՞վ պիտի կազմակերպէ, հովանաւորէ, ու ֆինանսաւորէ մեր նոր սերունդին ԿԱՐՈՂԱԿԱՆ, ՁԳՏՈՂԱԿԱՆ, ԿԱՏԱՐՈՂԱԿԱՆ, ՑՈՒՑԱԴՐԱԿԱՆ ու ՏԱՂԱՆԴԱՒՈՐԱԿԱՆ արժանիքները, զանոնք լոյսին բերելով, արժեւորելով ու զօրակցելով անոնց դէպի բարձունք երթին, հայութեան անունն ու հրայլքը, վարկանիշը ու ցուցանիշը դէպի վերելք պահելու վճռակամութեամբ:

Վստահաբար, հայրենի մեր արժանաւոր հայորդիներուն մօտ, ոչ միայն իրենց նախորդներուն ժառանգորդները դառնալու միտումները իրենք զիրենք կը խօսեցնեն, այլ՝ տիրող ներհայրենական ու միջշրջանային դէպքերու ահագնութիւնները կը մղեն, ցոյց տալու հայու այն «ջիղն ու ծուծ»ը, որմէ տեղեակ չեն ուրիշները եւ օտարները, իսկ այս բոլորը ապացուցելու եւ յայտնագործելու համար, իրենք ունին կամքն ու տեսիլքը, հանուր աշխարհին ըսելու.

Մենք կանք, պիտի մնանք ու գոյատեւենք,

Որովհետեւ մենք հայ ենք, մեր գործով ու կեանքով,

Մենք ազնիւ ժողովուրդի մը ժառանգորդներն ենք

Մեր հայրենական հողերուն ու սահմաններուն

Քաջասիրտ եւ աննկուն հովիւները մնալով:

Չեմ գիտեր ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ տարողութեամբ հայ ժողովուրդը կը հետեւի ու հետեւեցաւ վերջին տարիներուն եւ յատկապէս վերջին շաբաթներուն, մեր հայ մարզիկներուն, ճատրակիստներուն, արուեստագէտներուն գերփայլուն առաջնութիւններուն, որոնք սիրտ կը լեցնեն ու հոգի կը բուրեն, այլապէս ալ՝ ինչպէ՞ս ընկալուեցան այս յաղթանակները, երբ հայրենիքի մէջ, տակաւին ամէն ինչ գլխիվայր մնալու թաւալգլորութեան մէջ է:

Ի դէպ, մեր նորօրեայ «հերոս»ները, որոնք մեծ յաղթանակներով կը վերադառնան հայրենիք, իրենց կրծքին Ազգային դրօշակը եւ վզին՝ մետալները, հետաքրքրական է, պետական-կառավարական ներկայացուցիչները ո՞ւր են եւ ինչո՞ւ մեծ, համաժողովրդական կարգերով եւ ընդունելութիւններով չդիմաւորեցին զանոնք, գէթ յիշատակը եւ յարգանքը պահելու այն նահատակներուն, որոնք 2020էն ի վեր, կրկնակիօրէն ու բազմակիօրէն… կը վերազոհուին:

Պարոյր Յ. Աղպաշեան

(Պէյրութ)