image

ՀՅԴ, ԲՀԿ եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւնները 8 հոկտեմբերին հանրահաւաք պիտի կայացնեն

ՀՅԴ, ԲՀԿ եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւնները 8 հոկտեմբերին հանրահաւաք պիտի կայացնեն

«Բարգաւաճ Հայաստան»,  «Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւն» եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւնները հաղորդագրութիւն տարածած են, որուն մէջ կը տեղեկացնեն, որ 8 հոկտեմբերին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ կը հրաւիրեն համապետական հանրահաւաքի:

Հաղորդագրութեան մէջ շասմաւորապէս ըսուած է.-

2018-ի գարնան համաժողովրդական շարժումը ստեղծեց երկրի զարգացման որակապէս նոր հնարաւորութիւններ: Հանրութեան մօտ ձեւաւորուեցաւ արատաւոր բարքերը պատմութեան գիրկը ուղարկելու, երկրին մէջ արդարութիւն հաստատելու, երաշխաւորուած եւ առաւել բարեկեցիկ ապագայ ունենալու արդարացի սպասելիքներ:

Անցած աւելի քան երկու տարիներու ընթացքին հանրութեան սպասելիքները չեն արդարացած: Իշխանութիւնը ձախած է ամէնուրէք: Վտանգուած է երկրի զարգացման հեռանկարը: Իշխող քաղաքական ուժը փաստած է մեր ազգային պետականութեան ուղղուած մարտահրաւէրները դիմագրաւելու անկարողութիւնը:

«Բարգաւաճ Հայաստան», «Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւն», «Հայրենիք» կուսակցութիւնները, գնահատելով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, անխուսափելի համարելով նոր որակի եւ ազգային իշխանութեան ձեւաւորման հրամայականը, Հոկտեմբեր 8-ին ժ. 18:00-ին, Ազատութեան հրապարակին վրայ կը հրաւիրեն համապետական հանրահաւաքի: