image
Հրատապ լուրեր:

Թիֆլիսի մէջ. Վրաստանի խորհրդարանի շէնքի մօտ հանրահաւաք է ընդդէմ նախագահական ընտրութիւններու

Թիֆլիսի մէջ. Վրաստանի խորհրդարանի շէնքի մօտ հանրահաւաք է ընդդէմ նախագահական ընտրութիւններու

Վրաստանի մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ նախագահի ընտրութիւնը: Առաջին անգամ նախագահ պիտի ընտրէ ոչ թէ բնակչութիւնը, այլ 300 պաշտօնեայէ բաղկացած ընտրական խումբը։ Միակ թեկնածուն պատգամաւոր Միխէիլ Քաւելաշվիլին է, որուն առաջադրած է իշխող «Վրացական երազանք» կուսակցութիւնը։

Ընդդիմութեան ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ անոնց կողմնակիցները հաւաքուած են Թիֆլիսի մէջ՝ Վրաստանի խորհրդարանի մօտ՝ բողոքելու երկրի նախագահական ընտրութիւններու դէմ։

Ցուցարարները կը կարծեն, որ հոկտեմբեր 26-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները կեղծուած են, նոր գումարման խորհրդարանը օրինական չէ, ուստի օրէնսդիր մարմինը չի կրնար օրինական նախագահ ընտրել։

Ազատութեան հրապարակին մէջ՝ օրէնսդիր մարմնէն ոչ հեռու, ՆԳՆ-ն տեղադրած է յատուկ սարքեր՝ ջրցան մեքենաներ, աքուսթիք հրացաններ, հանրակառքեր ոստիկանութեան անձնակազմի տեղաշարժի համար։ Հանրահաւաքը կ՚անցնի առանց ոստիկանութեան հետ բախումներու։

Վրաստանը այսօր պիտի ընտրէ իր վեցերորդ նախագահը։ Առաջին անգամ պետութեան ղեկավարը պիտի ընտրուի ոչ թէ ուղղիղ քուէարկութեամբ, այլ 300 ընտրողներէ կազմուած խումբի նիստին։ Այն բաղկացած է Վրաստանի խորհրդարանի 150 պատգամաւորներէ, Աճարիոյ Գերագոյն խորհուրդի 21 պատգամաւորներէ, երկրի տարբեր շրջաններու շրջանային սաքրեպուլո-մունիցիփալ իշխանութիւններու 109 պատգամաւորներէ։ Նախագահի միակ թեկնածուն իշխող «Վրացական երազանք-Ժողովրդավարական Վրաստան» կուսակցութեան թեկնածու, նախկին պատգամաւոր, նախկին ֆութպոլիսթ Միխէիլ Քաւելաշվիլին է։