Հայազգի յայտնի գործարար եւ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի մահուան յիշատակին Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցող աւանդական միջոցառումներուն մասնակցելու համար կրկին հրաւէր ստացած էր Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան։
Այդ առթիւ՝ Յուլիս 18-ի առաւօտեան, Սրբազան Հայրը այցելեց Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ հիմնադրամի նախագահ Անթոնիո Ֆէյժոյի եւ հիմնադրամի հայկական բաժինի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ։
Նոյն օրը՝ São Sebastião da Pedreira եկեղեցւոյ մէջ Գալուստ Սարգիսի Կիւլպէնկեանի հոգիի խաղաղութեան համար տեղի ունեցաւ կաթոլիկ եկեղեցական արարողութիւն, որու ընթացքին Խաժակ Սրբազան «Հոգւոցն հանգուցելոց» աղօթք կատարեց եւ հանդէս եկաւ խօսքով։
Սրբազանը սկսաւ ուղերձը դրուատանքի խօսքերով՝ ուղղուած Գալուստ Կիւլպէնկեանին՝ «մարդու, որ ունէր տեսլական եւ առատաձեռն սիրտ, եւ որու գործը կը շարունակէ ներշնչել մեր սրտերն ու հասարակութիւնը։ Ան խորապէս կը հաւատար մշակոյթի, կրթութեան եւ հասարակական պատասխանատուութեան ուժին»։
Սրբազան Հայրը իր խօսքով անդրադարձաւ Աւետարանի ժայռի վրայ կառուցուած տան առակին (Մատթ. 7:24–27), զայն ներկայացուց որպէս պատկերաւոր համեմատութիւն հիմնադրամի գործունէութեան հետ, որ մինչ օրս կը կառուցուի իր հիմնադիրի սկզբունքներու հիման վրայ․ «Այն ժայռը, որու վրայ կը շարունակէք կառուցել, հենց Գալուստ Կիւլպէնկեանի ժառանգութիւնն է՝ նուիրուածութիւն մշակոյթին, կրթութեան, նորարարութեան եւ մարդու արժանապատուութեան նկատմամբ յարգանքին։ Այս արժէքները անցողիկ չեն․ատոնք յաւերժ ճշմարտութիւններ են, որոնք կ՛ուղղորդեն ձեր առաքելութիւնը»։
Խաժակ Սրբազանը գովեստով խօսեցաւ հիմնադրամի գործունէութեան մասին՝ նշելով, որ ան նախագահ Ֆէյժոյի առաջնորդութեամբ կրցած է նորարարութիւն ստեղծել հիմնադիրի արժէքներուն հաւատարմութեան հետ։ Ան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն պէտք է գնահատել այս հարցի լոյսի ներքոյ՝ «արդեօ՞ք այս կամ այդ որոշումը կ՛արտայայտէ այն տեսլականն ու յոյսը, որոնք Կիւլպէնկեանը ձգած է մեզ՝ որպէս մարդկային առաջընթացի պատգամ»։
Ելոյթի կարեւոր պահերէն էր ապագայ սերունդներու նկատմամբ ունեցած պատասխանատուութեան շեշտադրումը․ «Ձեր ծրագիրներէն օգտուող երիտասարդները պէտք է կարենան այդ միջոցառումներուն զգալ Կիւլպէնկեանի արժէքներու կենդանի շունչը։ Այդ կերպ հիմնադիրի պատգամը եւ ձգած ժառանգութիւնը պէտք է գոյատեւեն ժամանակին ընդառաջ»։
Արարողութիւնը աւարտեցաւ հանդիսաւոր աղօթքով՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի հոգիի խաղաղութեան համար։ Սրբազանի եզրափակիչ խօսքը կոչ էր՝ շարունակելու հիմնադիրի նախանշած ուղին՝ յոյսով, հաստատակամութեամբ եւ նուիրուածութեամբ։
Երեկոյեան Սրբազանը մասնակցեցաւ հիմնադրամի նուագախումբի տօնական համերգին։
Յաջորդ օրը Սրբազան Հայրը մկրտեց տեղի հայ համայնքի երկու չափահաս անդամները։
Իսկ Կիրակի՝ Յուլիսի 20-ին, քաղաքի եւ շրջակայ վայրերու հայ հաւատաւորները մեծ գոհունակութեամբ մասնակցեցան Սուրբ Սեբաստիան տա Փետրէյրա եկեղեցւոյ մէջ եւ անոր ձեռամբ մատուցուած Սուրբ Պատարագին՝ նուիրուած Պայծառակերպութեան (Վարդավառի) տօնին, որ Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցով կը նշուի Յուլիսի 27-ին։ Սրբազան հօր սպասարկեց Սպանիոյ եւ Փորթուկալիոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տ․Թորոս Քահանայ Եսայեանը։
Սուրբ եւ անմահ Պատարագէն ետք, համայնքի զաւակները համախմբուեցան եկեղեցւոյ բակը կազմակերպուած տօնական սեղանին շուրջ՝ Սրբազանին եւ միմեանց հետ շփուելու եւ մտերմիկ ու բարեկամական մթնոլորտ մը ստեղծելու նպատակով։