image

Հունգարիան` ԵՄ Խորհուրդի նախագահող երկիր

Հունգարիան` ԵՄ Խորհուրդի նախագահող երկիր

Յուլիս 1-էն յառաջիկայ վեց ամիսներու ընթացքին Հունգարիան պիտի դառնայ ԵՄ Խորհուրդի նախագահող երկիր:

Թուարկելով իր ծրագրի մէջ առաջնահերթութիւնները՝ Հունգարիան առաջին տեղը դրած է Եւրոպայի մրցունակութեան բարձրացումը, յաջորդը՝ եւրոպական պաշտպանական քաղաքականութեան ամրապնդումը:

Առաջնահերթութիւններու շարքին են նաեւ «հետեւողական եւ ձեռքբերումներու վրայ հիմնուած ԵՄ-ի ընդլայնման քաղաքականութիւնը», անօրինական գաղթի կանխումը, համախմբման ապագայ քաղաքականութեան ձեւաւորումը՝ տարածաշրջանային տարբերութիւններու նուազեցման եւ տնտեսական, ընկերային ու տարածքային համախմբուածութեան ամրապնդման միջոցով, համատեղ գիւղատնտեսական քաղաքականութիւնը, ժողովրդագրական խնդիրներու լուծումը:

ԵՄ Խորհուրդի մէջ, սակայն, շատերու մէջ հարց առաջացած է, թէ արդեօք դաշինքի նախագահութիւնը ստանձնելէ ետք ալ Օրպանը կը շարունակէ դէմ երթալ ԵՄ-ին:

Վերջին տարիներուն Հունգարիոյ վարչապետը դէմ էր ԵՄ ընդհանուր համաձայնագրին՝ արգելափակելով, մեղմացնելով կամ յետաձգելով դաշինքի հիմնական որոշումները, պարբերաբար կը հակառակուէր Միութեան միւս առաջնորդներու մեծամասնութեան այնպիսի հարցերու շուրջ, ինչպիսիք են պատերազմը Ուքրանիոյ մէջ, յարաբերութիւնները Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ: