Հռոմ-Երեւան թռիչքով ժամանած քաղաքացին զննման ենթարկուած եւ 126 փաթեթ թմրամիջոց յայտնաբերուած է անոր մարմնին մէջ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէն։
Ըստ հաղորդագրութեան` Պետական եկամուտներու կոմիտէի մաքսանենգութեան դէմ պայքարի վարչութեան աշխատակիցները կասկածներ ունեցած են, որ ՀՀ քաղաքացի Մ. Հ.-ն մարմնին մէջ թմրամիջոցներ թաքցուցած է, վերջինս ճառագայթային (X-ray) նկարահանման սարքաւորմամբ ենթարկուած է զննութեան, որմէ ետք մաքսային հսկողութեան շրջածիրէն ներս անհրաժեշտութիւն առաջացած է քաղաքացիի նկատմամբ եղող զննումը իրականացնել բժիշկի մասնակցութեամբ:
«Այդ նպատակով նա «Զուարթնոց» օդանաւակայանից տեղափոխուել է բժշկական կեդրոն, որտեղ համակարգչային շերտագրման` տոմոգրաֆիայի արդիւնքում պարզուել է, որ քաղաքացու ստամոքսում եւ հաստաղիքի հատուածում առկայ են գնդաձեւ օտար մարմիններ, որոնք բժշկական տարբեր միջամտութիւնների արդիւնքում դուրս են բերուել վերջինիս մարմնից»,–նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուած է, որ քաղաքացիի մարմնէն ընդհանուր առմամբ դուրս բերուած է հաշիշ թմրամիջոցին նմանող իւրայատուկ հոտով շագանակագոյն զանգուածներու պարունակութեամբ 110 հատ ամբողջական, 16 հատ պատռուած եւ բացուած փոլիէթիլենային գնդաձեւ փաթեթ: Յայտնաբերուած զանգուածներու ընդհանուր կշիռքը կազմած է 652 կրամ։
Գործին առնչուող նիւթերը յայտնաբերուած թմրամիջոցի զանգուածներու հետ տրամադրուած են ՀՀ քննչական կոմիտէ, ուր նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։