image
Հրատապ լուրեր:

Մեծ հարցադրում. 2026-ին Տեղի պիտի ունենան Լիբանանի Խորհրդարանական ընտրութիւնները (Տեսանիւթ)

  Մեծ հարցադրում. 2026-ին  Տեղի պիտի ունենան  Լիբանանի Խորհրդարանական ընտրութիւնները (Տեսանիւթ)

Մեծ հարցադրում է այն, որ յառաջիկայ  տարի տեղի պիտի ունենա՞ն Լիբանանի Խորհրդարանական ընտրութիւնները  կամ պիտի  յետաձգուին։ 

 

 Սագօ Արեանի էջէն կը կարդանք՝ 

Լիբանանի քաղաքական կեանքի հիմնական օրակարգերէն մին դարձած է Լիբանանեան սփիւռքի մասնկացութիւնը յառաջիկայ ՝ 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

Մինչ մօտիկ անցեալին, որպէս ընդդիմադիր գործող ուժերը (մեծ հաշուով՝ քրիստոնէական ուժերը) շատ բուժն կերպով կը պահանջեն ընտրական նոր օրէնք, որուն հիմքով աշխարհի մէջ տարածուած լիբանանցիներ մասնակից պիտի դառնան գալիք ընտրութեանց, իսկ անոնց դիմացը մօտիկ անցեալի իշխանութեան «տէր ու տիրական» հանդիսացող ուժերը, ի մասնաւորի ՝ Շիիթ համայնքի քաղաքական ուժերը կտրական ձեւով դէմ ենք այդպիսի առաջարկի մը։

Խնդիրը դրուած է շատ «բուռն» ոճով եւ կրնայ նոյնիսկ պատճառ դառնալ, որ ընտրութիւնները տապալին։

Սեփական կարծիք ունիմ այս նիւթով, բայց այս փուլին կը նախընտրեմ պարզ լրատւութիւն կատարել։

Տեսանիւթը՝ Լիբանանի Արտաքին Գործոց նախարար՝ Եուսէֆ Ռաժժի այս նիւթով կարճ տեսանիւթ մը տեղադրած է «Իքս»ի իր էջին, որ ուղղուած է լիբանանեան սփիւռքին եւ անոնց կը յորդորէ գալու Լիբանան եւ մասնակցից դառնալու յառաջիկայ տարի կայանալիք ընտրութիւններուն։