image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանի «Էսքոպար»ը եւ ամենավտանգաւոր «նարկոպարոն»ը. Ձերբակալուած է Նուհ Զըհայթէր (Տեսանիւթ)

Լիբանանի «Էսքոպար»ը եւ ամենավտանգաւոր «նարկոպարոն»ը. Ձերբակալուած է Նուհ Զըհայթէր (Տեսանիւթ)

Լիբանանի Պաալպէք քաղաքին մերձ իրաւապահ մարմինները ձերբակալած են թմրեցուցիչի ամեէնէն վտանգաւոր որոնուածներէն մին՝ Նուհ Զըհայթըրը։

Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ  լիբանանեան լրատուական աղբիւրներէ։

Ստորեւ համադրաբար կը ներկայացնենք Նուհ Զհայթըրի ձերբակալութեան  ու  նաեւ  անոր «գործունէութեան»  մասին վերջին տուեալները։ 

 

Լիբանանի անվտանգութեան աղբիւր մը յայտնած է, որ բանակը ձերբակալած է Նուհ (Նոյ) Զհայթըրը՝ թմրեցուցիչի ամենայայտնի եւ վտանգաւոր ներմուծողն ու մեծաքանակ փոխադրողներէն մէկը Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ։

Կը նշուի, որ ձերբակալութիւնը կատարուած է Պաալպէքի մերձ գտնուող «Քնայսա» շրջանին մէջ՝ երկար ժամանակի վրայ եղած հետախուզական աշխատանքներու միջոցով։

Աղբիւրներու համաձայն՝ Զհայթըր, որ կը համարուի Լիբանանի թմրամիջոցներու առեւտուրի ոլորտին առաջին եւ ամենավտանգաւոր յանցապարտը, տեղափոխուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան շէնք։

Ձերբակալութիւնը կը յաջորդէ Լիբանանի բանակին եւ թմրավաճառներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն, որոնք երկու օր առաջ գրանցուած էին Պաալպէքի «Ալ Շարաուինա» թաղամասին մէջ ու որոնց հետեւանքով զոհուած էին երկու զինուորներ։

Հռչակաւոր աջակցողը «Հըզպալլա»ին

Զհայթըր , որ ծնունդով կը սերի Սուրիոյ սահմանամերձ «Ալ Քընայսէ» գիւղէն եւ որուն դէմ գոյութիւն ունին բազմաթիւ ձերբակալութեան հրամանագրեր , երկար տարիներու ընթացքին ճանչցուած է որպէս «Հըզպալլա»ի մեծ աջակցող։ Ան բազմիցս մասնակցած է կուսակցութեան միջոցառումներուն եւ բացայայտօրէն պաշտպանած է այդ կազմակերպութեան քաղաքական գիծն ու որոշումները։

Ան նաեւ կը նկատուի Լիբանանի ամենավտանգաւոր յանցագործներէն մէկը՝ յատկապէս «Քէփթակոն»ի արտադրութեան եւ տարածման գործով։ 

Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, «Քէփթակոն»ի առք ու վաճառքը լայն տարածում գտած էր Լիբանանի եւ Սուրիոյ սահմանային շրջաններուն մէջ եւ այդ առումով ալ Զըհայթըր մեծ դերակատարութիւն ունեցած է։ Մամուլին մէջ լոյս տեսած շարք մը հետազօտութիւններ կը նշեն, որ այդ առեւտուրը տարեկան մօտաւորապէս 5.7 միլիառ տոլար եկամուտ կը կ՚ապահովէր Սուրիոյ նախկին իշխանութիւններուն։ Ըստ զեկոյցներու՝ սուրիական բանակի չորրորդ գումարտակը, Պաշշար Ասատի եղբօր՝ Մահէր Ասատի առաջնորդութեամբ, կը հովանաւորէր այս ցանցը, եւ նոյն առումով ալ ինչպէս բոլորին յայտնի է՝ Զըհայթըր կը համարուէր «կեդրոնական դէմք» եւ կարեւոր «կազմակերպիչ»։