Քիչ առաջ հրթիռներ ինկած են Հալէպի հայաշատ թաղամասերէն համարուող Սուլայմանիյէ թաղամասին վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի, իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ հրթիռները բացի նիւթական մեծ վնասներէ պատճառած են նաեւ մարդկային տոյժեր: Ըստ նախնական տուելաներու զոհուած են 3 անձեր եւ կան տասը վիրաւորներ: Մինչեւ այս պահը յայտնի չէ զոհերուն կամ վիրաւորներուն մէջ հայ ըլլալու մասին տուեալը: Կը նշուի նաեւ, որ զոհերէն երկուքը կիներ են:
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հրթիռները ինկած են Սուլայմանիյէի գլխաւոր պողոտայ համարուող Սոմար ճաշարանի մօտ, ինչպէս նաեւ Սյուֆի եւ Քալաս թաղամասերուն վրայ:
Լուսանկարը ՝ համացանցէն: