Օրերս, Պրիւքսէլի Իքսել թաղամասին Սուրբ Խաչ (Flaget) Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցած է Էքիւմէնիք աղօթք, որուն մասնակցացած են թաղամասին մէջ գործող զանազան եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներն։ Հայց. Եկեղեցին ներկայացուցած է Հոգշ. Տ. Զատիկ ծ.վրդ. Աւետիքեանը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն, ուր գրուած է՝
Պրիւքսէլ ։ Երեկոյեան, Իքսել (Ixelles) Թաղամասի Սուրբ Խաչ (Flaget) Կաթոլիկ եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ էքումենիք աղօթք, որուն մասնակցեցան թաղամասին մէջ գործող զանազան եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներն ու հաւատացեալները։
Անոնք աղօթեցին ինչպէս Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու միութեան, այնպէս ալ մեր ժամանակներու մէջ, իրենց հաւատքի վկայութեան համար, բոլոր նահատակ֊վկաներու, գաղթականներու, նաեւ հիւանդներու ու հանգուցեալներու համար։
Արարողութեան ժամանակ, ամփոփ կերպով ներկայացուեցաւ Քրիստոնեաներու Միության ռահվիրան եւ նախակարապետ, հայոց Հայրապետ, Մեծն Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի ճառն ու աւանդը, ինչպէս նաեւ իր հեղինակած մէկ շարական֊աղօթքը։