image

Ֆրանսան մտահոգուած է Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերով

Ֆրանսան մտահոգուած է Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերով

Երուսաղէմի մէջ Ֆրանսայի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է քաղաքի հայկական թաղամասին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերու կապակցութեամբ։

«Ֆրանսան մտահոգուած է Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ տեղի ունեցած միջադէպերով։ Կոչ կ՚ընենք Իսրայէլի իշխանութիւններուն զերծ մնալու որեւէ միակողմանի գործողութիւններէ, որոնք կասկածի տակ կը դնեն Երուսաղէմի «սթաթուս քո»ն»,- նշուած է հիւպատոսարանի X-ի էջին մէջ։

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ապրիլ 3-ին մուտք գործած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան «Կովերու պարտէզ» կոչուող կալուած եւ, առանց դատարանի որոշման ու նախազգուշացման, հեռացուցած է տեղադրուած արգելապատնէշները՝ ոչնչացնելով  պատրիարքարանի գոյքը, եւ յարձակելով հոգեւորականներու ու տեղացի հայերու վրայ։ Այս մասին X-ի իր էջին յայտնած էր Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Աղան Գոգչեանը։