image

Հրատապ. Յարձակում Պոլսոյ «Քէմբ Արմէն»ին Վրայ. Երկու Անձեր Վիրաւորուած Են

Հրատապ.  Յարձակում Պոլսոյ «Քէմբ Արմէն»ին Վրայ.  Երկու  Անձեր Վիրաւորուած Են

 Թուրքիա- Պոլսոյ Թուզլա  շրջանին մէջ գտնուող  «Քէմբ Արմէն»ին  վրայ   տեղի ունեցած է յարձակում:  Այս մասին  լուրը կը հաղորդէ «Ակօս»ի կայքը: Աղբիւրը   կը գրէ, որ երէկ ուշ երեկոյեան անյայտ անձեր բիրերով յարձակում գործած են «Քէմբ Արմէն»ին   շուրջ հերթապահութիւն  ընող   տղոց վրայ եւ ծեծի ենթարկած զանոնք:  Երկու անձեր վիրաւորուած եւ փոխադրուած են  հիւանդանոց:    Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է  «Նոր Զարթօնք»ը, որ նաեւ  յայտնած է, թէ իրենք  պիտի շարունակեն իրենց պայքարը եւ թոյլ պիտի չտան, որ շէնքը փլուզուի: Նշենք, որ     երէկ  իր լրումին կը հասնէր «Քէմբ Արմէն»ի պաշտպանութեան 100-րդ օրը: