Թուրքիա- Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող «Քէմբ Արմէն»ին վրայ տեղի ունեցած է յարձակում: Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ակօս»ի կայքը: Աղբիւրը կը գրէ, որ երէկ ուշ երեկոյեան անյայտ անձեր բիրերով յարձակում գործած են «Քէմբ Արմէն»ին շուրջ հերթապահութիւն ընող տղոց վրայ եւ ծեծի ենթարկած զանոնք: Երկու անձեր վիրաւորուած եւ փոխադրուած են հիւանդանոց: Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է «Նոր Զարթօնք»ը, որ նաեւ յայտնած է, թէ իրենք պիտի շարունակեն իրենց պայքարը եւ թոյլ պիտի չտան, որ շէնքը փլուզուի: Նշենք, որ երէկ իր լրումին կը հասնէր «Քէմբ Արմէն»ի պաշտպանութեան 100-րդ օրը: