image

Հօրս ոտնաքայլերուն հետքերը տակաւին կան հոն....

Հօրս ոտնաքայլերուն հետքերը տակաւին կան հոն....

Հալէպահայ     հասարակական գործիչ Հրայր  Ակիլեան կը գրէ ՝

 

   Քիչ առաջ հեռախօսիս «Ուաթսաբը», նամակի մը նշանը տուաւ, բացի, անակնկալ էր:

Մեր գիւղացին, Րաս-ըլ-էյնէն դէպի Հասիչէ երթալու ճանապարհին, մեր գիւղին անուանանշանը տեսնելով կանգնած ու նկարած էր, «Դել-Տըմշիճ»:

Առաջին անգամ այս հողերուն վրայէն անցնող եւ ջարդէն ազատած մօր մը զաւակն էր, հայրս՝ ան կը պատմէր:

-1948 թուականին առաջին անգամ երբ Սուրիոյ այս կողմեր եկայ, հողին քաշող զգացումը  կար մէջս, արեան կանչ մը, աւազին մէջէն  կը  ձայնէր, կ՚աղաղա՜կէր, երեխաներու անմեղ գոչեր, մայրերու աղերսանքի կանչեր, «մի՛ սպաննէք տղաս», «ես մեռնիմ թողէ՛ք ինքը ապրի», «առէ՛ք-տարէ՛ք զաւակս թող ձեր հետ ապրի» կը լսէի:

Երեք տարի տքնաջան աշխատանքէ վերջ, անձնական գործս հիմներ էի, տուն կառուցեր էի որպէսզի ընտանիքս ալ հոս գալով, ամառնային արձակուրդը հետս անցընէ։  Կին՝ Մարին, զաւակս՝ Սահակը, եօթանասունհինգամեայ հայրս՝ Սահակ Ամմին ու վաթսունամեայ մայրս Թագուհին հետս «ճեզիրէ» երթալու նպատակով ճամբայ ինկանք, հազիւ Եփրատ գետը հասանք, մայրս հեկեկալու սկսաւ, իր մեղրագոյն աչքերուն սպիտակ բաժինը արեան ծով դարձած էր...  Անմիջապէս եզրակացուցի եղելութիւնը, չէ՞ որ հազիւ երեսուն հինգ տարի առաջ այս անապատէն անցած քսանհինգ տարեկան Թագուհին, իր երկու զաւակները (նախկին ամուսինը թուրքերու ձեռքով սպաննուած էր իր աչքերուն դիմաց) այս հողերուն վրայ արաբներուն յանձնելով իրենց ճակատագրին ուղեւորած էր, չէ՞ որ հաստատ մահը աչքին առնելով երեք ամիս գիշեր ցերեկ, անապատի կրակ  դարձած  աւազին վրայ քալելով դէպի անյայտ եւ մութ ճակատագրին պիտի յանձնուէր, բայց իր քաջ սիրտն ու մաքուր հոգին իրեն տալով ոյժ եւ զօրութիւն, դիմադրելով ճակատագրի որոշումին, ան՝ կարողացած էր փրկուիլ ու հասնիլ ապահով ափ, ու դառնալով Քիլիս ամուսնացած էր մեծ հօրս հետ ու աշխարհ բերած հինգ  խիզախ, իր  նման քաջ երիտասարդներ որուն ամէնէն մեծը իմ հայրս էր:

-Տղա՜ս, հազիւ լսուող ձայնով մը ըսաւ, այս տեղերը թիզ առ թիզ գիտեմ, կը յիշեմ, այստեղ ծառ մը կայ, այստեղ գետին ափին քանի մը կիներ սպաննեցին, այդտեղ բլուրի մը ետեւը, վեց ամսական տղաս արաբ պետուիններուն տուի, այստեղ ալ՝ երկու տարեկան քոյրդ արաբները տարին, ու լալով կը պատմէր ու կը շարունակէինք մեր ճամբան, երբեք չէի հաւատար որ այս տեղերը զաւակիս հետ դարձեալ պիտի տեսնեմ, ըսաւ:

11 ժամ ճամբորդութենէ վերջ հասանք մեր գիւղը, արեւը մարը մտնելու ժամանակն էր, յոգնած էինք, քնացանք:

Առաւօտ կանուխէն մայրս արթուն էր, առաւօտեան աղօթքը ընելէն վերջ ծիրանի կուտ մը հողին մէջ մխրճելով ըսաւ,

-Այս կուտը պիտի ծաղկի, ծառ պիտի դառնայ ու հայուն վերապրելու նշանը պիտի ըլլայ:

Իսկապէս՝ այդ կուտը ծաղկեցաւ եւ եղաւ հսկայ ծառ մը որուն շուքին տակ երեք սերունդ զովացաւ, խաղցաւ, «քեֆ» ըրաւ, մինչեւ այդ օրը երբ, Սուրիոյ հակամարտութիւնը պատճառ դարձաւ այդ գեղեցիկ գիւղը, հայրական բնակարանը, պարտէզը, վիթխարի ծառը չորնալով փայտի կտոր մը դառնայ, ու՝ ամայանայ, բայց աստեղէն ալ հայ մը անցաւ, հօրս ոտնաքալին հետքերը պիտի մնան, յաւիտեան.......

Յովհաննէս Ակիլեանին յիշատակին, մօրը Թագուհիին եւ հօրը Սահակին հոգիներուն համար: