«Այս պատահածը յիշեցուց ինծի 1978-ի դէպքերը, մանուկ էի այն ատեն, երբ 8 օր 8 գիշեր սուրիական բանակը ռմբակոծեց արեւելեան Պէյրութը եւ մենք ընտանիքիս հետ նկուղին մէջ մնացինք: 40 տարի է, ես հոս եմ եւ այսպիսի ահաւոր իրավիճակ չեմ տեսած, ուղղակի բախտաւոր ենք, որ տակաւին մեր տուները ունինք»։
Օրերս, Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգի մէջ սկիզբ առած եւ տակաւին չհանգած հրդեհներու առնչութեամբ, «Արեւելք» կապ հաստատեց Փասատինայի հայ բնակիչ Վարդան Գազանճեանին հետ:
Մեր հայրենակիցը պատմելով ԱՄՆ-ի եւ Լոս Անճըլըսի մէջ հրդեհուած շրջաններու իրադրութեան մասաին մասնաւորապէս ըսաւ.-
«Մեր շրջաններուն՝ Փասատինայի, Ալթատինայի մէջ այդ ահաւոր վիճակը 80 տոկոսով փարատած է Փառք Աստծոյ, զօրաւոր քամիները չքացան, սակայն հետքերը կան, վտանգի կարմիր գիծէն դուրս չենք ելած, տակաւին մեր տուներէն տարհանուած ենք, եւ չեն ձգեր վերադառնանք. այսօր փորձեցի եղբօրս հետ տուն մտնել, բացարձակապէս արգիլեցին, թերեւս այն պատճառով, որ գողութիւններ տեղի կ'ունենան, ելեկտրականութիւն չկայ, հետեւաբար կողոպուտին առաջքը առնելու համար, ինչպէս նաեւ ելեկտրական ընկերութիւնը կ'ուզէ ամէն ինչ մաքրուի վերջը վերադառնանք, մանրամասնութիւններ չեն ըսեր:
2-3 օրէ, քամին հրդեհը կը հրէ կը տանի ուրիշ շրջաններ, ինչպէս Pacific Palisades, որ ծովեզերեայ շատ հարուստ շրջան է, նաեւ Մալիպու, այնտեղ շատ աւելի ահաւոր է հրդեհը:
Բայց Փասատինայէն 4-5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Eaton Canyon բլուրը տակաւին կրակներու մէջ է եւ միայն 20-25 տոկոսը մարած է հրդեհին, առաջ մեր տունէն կը տեսնէինք այդ կրակը, բայց հիմա այլեւս տեսանելի չէ: Յոյսով եմ, որ այս արհաւիրքը վերջ կը գտնէ շուտով:
Այս պատահածը յիշեցուց ինծի 1978-ի դէպքերը, մանուկ էի այն ատեն, երբ 8 օր 8 գիշեր սուրիական բանակը ռմբակոծեց արեւելեան Պէյրութը եւ մենք ընտանիքիս հետ նկուղին մէջ մնացինք: 40 տարի է, ես հոս եմ եւ այսպիսի ահաւոր իրավիճակ չեմ տեսած, ուղղակի բախտաւոր ենք, որ տակաւին մեր տուները ունինք: Պէտք է մտաբերենք անոնց, որոնք իրենց տուները կորսնցուցած են: Կ'ուզէի յանձնարարել մեր ազգակիցներուն, որ եթէ կրնան, օգնութեան ձեռք երկարեն իրենց դրացիին, բարեկամին, նոյնիսկ անծանօթին, որովհետեւ շատեր կարիքի մէջ են այսօր, անոնք փողոցները մնացած են. Ճիշդ է, որ այս պետութիւնը օգնութեան կը հասնի, բայց թերեւս 1-2 շաբաթ տեւէ, եւ անոնք շատ խղճալի վիճակի մէջ են հիմա, պահենք անոնց մեր խորհուրդներուն, միտքերուն եւ աղօթքներուն մէջ»: