image

Ահմատ Շարըհ տակաւին չէ վաստակած արեւմուտքի վստատութիւնը. Գերմանական ԶԼՄ

Ահմատ Շարըհ տակաւին չէ վաստակած արեւմուտքի վստատութիւնը. Գերմանական ԶԼՄ

Սուրիոյ մէջ Պաշշար Ասատը տապալած եւ իշխանութիւնը փաստացի վերցուցած զինուած ապստամբներու առաջնորդ Ահմատ Շարըհ կը ներկայանայ որպէս «Ալ Քաիտա» եւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումներուն մէջ իր անցեալէն հրաժարած առաջնորդ: Այս մասին գրած է գերմանական Bild թերթը՝ մանրամասնելով, որ ան հրաժարած է Ապու Մուհամետ ալ Ճուլանի մարտական անունէն, կը խօսի փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու մասին եւ հանրութեան առաջ կը յայտնուի քաղաքացիական հագուստով։ Դամասկոսի մէջ իշխանութեան գալէն ի վեր Շարըհ կ՚ընդգծէ իր հանդուրժողականութիւնն ու նուիրուածութիւնը Սուրիոյ մէջ բազմակարծութեան պաշտպանութեան:

«Ի՞նչը կրնայ ըլլալ նման փոփոխութիւններու իրական պատճառը. «Հայաաթ Թահրիր ալ Շամ» խմբաւորման առաջնորդը Սուրիոյ վերականգնման համար Արեւմուտքի աջակցութեան կարիքն ունի։ Սուրիացի փախստականներու վերադարձի եւ այլ համագործակցութեան համար անհրաժեշտ է լաւ յարաբերութիւններ հաստատել Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ: Յանուն այս աջակցութեան ան պատրաստ է հրաժարիլ նոյնիսկ իսլամի որոշ չափանիշերէն եւ, օրինակ, կը համաձայնի լուսանկարուիլ առանց գլխաշորի կանանց հետ պաշտօնական հանդիպումներու ժամանակ (փողոցին մէջ գտնուող սուրիացի կանայք, ընդհակառակը, պէտք է կրեն գլխաշոր, եթէ կ՚ուզեն նկարուիլ անոր հետ)», - գրած է Bild-ի խմբագիր Ժաննա Փլաումանը։

Այնուամենայնիւ, ըստ թերթի, Միացեալ Նահանգները չի շտապեր վերացնել Շարըհի ահաբեկչական կարգավիճակը։ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընն ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգները կրնայ ճանչնալ Սուրիոյ կառավարութիւնը միայն որոշակի պայմաններու պարագային՝ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու յարգում, մարդասիրական օգնութեան տրամադրում, ահաբեկչութեան տարածման կանխարգելում, հարեւան պետութիւններու (այդ շարքին՝ Իսրայէլի) նկատմամբ սպառնալիքի բացակայութիւն եւ բոլոր կենսաբանական եւ քիմիական զէնքերու ոչնչացում։

Եւրոպական Միութիւնը իր հերթին պահանջած է Ասատի վարչակարգին աջակցող բոլոր ռուսական զօրքերը դուրս բերել Սուրիայէն։

«Անհասկնալի է, թէ արդեօք հնարաւոր պիտի ըլլայ հասնիլ փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան։ Մինչ Շարըհ կը հանդիպի արեւմտեան պատուիրակութիւններու հետ, «Հայաաթ Թահրիր ալ Շամ»-ը նշանակած է երկու նահանգապետեր, որոնք մաս կը կազմեն սալաֆիական աշխարհազօրային «Ահրար ալ-Շամ»-ի ղեկավարութեան, եւ որոնք, ինչպէս թալիպները, կը պաշտպանեն շարիաթի օրէնքը», - եզրափակած է աղբիւրը: