ԿԳՄՍՆ-ն դիմած է «Տոփինկ Սփէյս» ընկերութեան Սնուփ Տոկին վճարուած 1,8 միլիոն տոլար հոնորարը վերադարձնելու համար, պատասխան առայժմ չկայ, լրագրողներուն ըսած է նախարար Ժաննա Անդրէասեանը։
«Դիմել ենք կազմակերպութեանը համապատասխան պահանջով, այս պահին սպասում ենք կազմակերպութեան կողմից գործողութիւններին։ Դեռեւս այդ գործընթացում ենք, ինքներս կ՚իրազեկենք, հենց որ անցնենք յաջորդ փուլ»,-ըսած է նախարարը։
Յիշեցնենք, որ Մրցակցութեան պաշտպանութեան յանձնաժողովը 2024 թուականի փետրուար 4-ի թիւ 55-Ա որոշմամբ կարճած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան նկատմամբ Սնուփ Տոկի համերգի կազմակերպման նպատակով «Տոփինք Սփէյս» ընկերութեան պետական օժանդակութեան տրամադրման առնչութեամբ յարուցուած վարոյթը։ Այս մասին յայտնած է Մրցակցութեան պաշտպանութեան յանձնաժողովը։
Ինչպէս կը տեղեկանանք որոշումէն, «Տոփինկ Սփէյս» ընկերութենէն յայտնած են, որ համերգի չեղարկումէն առաջ կատարուած էին որոշ չվերականգնուող ծախսեր, ներառեալ՝ երգիչին վճարուած հոնորարը, սակայն Սնուփ Տոկը համերգի համար ստացած հոնորարը ետ վերադարձուցած է։