image

Հիւսիսային Իրաքի մէջ թուրք զինուորներու վրայ յարձակած են

Հիւսիսային Իրաքի մէջ թուրք զինուորներու վրայ յարձակած են

Հիւսիսային Իրաքի սահմանամերձ Պաթուֆա շրջանի Զահօ քաղաքին մէջ գտնուող  թրքական «Batuka» անուանումը կրող ջոկատին վրայ յարձակում իրականացուած է: Ըստ թրքական «Haberler» լրատուական կայքին, մասնաւորապէս թիրախաւորուած են թրքական զօրաջոկատին պատկանող երկու ռազմական մեքենաներ: Յարձակման հետեւանքով վիրաւորուած է մէկ թուրք ենթասպայ եւ մէկ ռազմական թարգմանիչ: Վերջիններս  տեղափոխուած են Թուրքիա՝ բժշկական օգնութիւն ստանալու նպատակով:

Նշուած է, որ յարձակումն իրականացնողները թրքական երկու ռազմական մեքենաներուն անցած պահուն հեռակառավարուող համակարգի միջոցով ճաբուն վրայ ռումբ պայթեցուցած են:

Աղբիւրը կը պնդէ, որ իրաքցի պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն համաձայն, յարձակումը իրականացուած է Քիւրտիստանի Բանուորական կուսակցութեան (PKK) կողմէ:

Նշուած է,  որ 1990 թուականին Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուած պայմանագիրին համաձայն, սահմանային անվտանգութիւնը վերահսկելու նպատակով, Թուրքիոյ  ստորաբաժանումները  տեղեկայուած   են  իրաքեան որոշ սահմանային անցակէտերու վրայ: Պայմանագիրը կը գործէ մինչեւ օրս: