Այսօր առաւօտեան մահապատժի ենթարկուած է Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ յարձակած Եասին Հուսէյնզատէն։ Այս մասին յայտնած է Իրանի դատական համակարգի տեղեկատուական հարթակը։
Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ 2023-ի յունուարուն զինուած յարձակում տեղի ունեցած էր։ Իրանի քաղաքացի Եասին Հուսէյնզատէն, զինուած Քալաշնիքով ինքնաձիգով ճեղքած էր անվտանգութեան կէտը եւ կրակ բացած դեսպանատան աշխատակիցներու վրայ: Յարձակման հետեւանքով զոհուած էր դիւանագիտական առաքելութեան անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Օրխան Ասքերովը, իսկ անվտանգութեան երկու աշխատակից վիրաւորուած էին: