«Ազատութեան նաւատորմ» նաւը փորձած է ճեղքել Կազայի շրջափակումը եւ իսրայէլեան ԱԹՍ–ի յարձակման ենթարկուած։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Al Jazeera» հեռուստաալիքը։
Ըստ հեռուստաալիքի` անօդաչուի հասցուցած հարուածի հետեւանքով նաւին մէջ հրդեհ բռնկած է։ Անձնակազմը աղէտի ազդանշան ուղարկած է, որուն արձագանգած են Կիպրոսի ռազմածովային ուժերը։ Նաւն խարիսխ նետած է Մալթայի ափերու մօտ` միջազգային ջրատարածքին մէջ։
Նախորդ շաբաթ ՄԱԿ-ի՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պաղեստինցի փախստականներու օգնութեան եւ աշխատանքի գործակալութիւնը՝ UNRWA-ն, խոր մտահոգութիւն յայտնած էր մարտ 2-էն Իսրայէլի կողմէ Կազային օգնութեան մատակարարման արգելքի պատճառով առաջացած աղէտալի իրավիճակի կապակցութեամբ։
«Անկլաւին մէջ սովը կը տարածուի եւ կը խորանայ։ Այն միտումնաւոր է եւ մարդածին։ Կազան յուսահատութեան շրջանի վերածուած է», – X-ի էջին գրած է UNRWA-ի ընդհանուր յանձնակատար Ֆիլիփ Լազարինին։
Մարտ 2-ին Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն յայտարարած է Կազայի հատուած մարդասիրական մատակարարումներու դադրեցման եւ բոլոր սահմանային հսկիչ անցակէտերու փակման մասին։ Իսրայէլի իշխանութիւններու տուեալներով՝ այս որոշումը կայացուած է, քանի որ «Համաս» շարժումը մերժած է ԱՄՆ յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի՝ անկլաւին մէջ հրադադարի ռեժիմը երկարաձգելու ծրագիրը։