image

Հիլտա Չոպոյեան. Իշխանական ուժերը մերժեցին Վալէրի Պուայէյի ներկայացուած օրինագիծը

Հիլտա Չոպոյեան.  Իշխանական ուժերը մերժեցին  Վալէրի Պուայէյի ներկայացուած օրինագիծը

Հիլտա Չոպոյեան  կը գրէ ՝ «Ֆրանսայի Ազգ. Ժողովը այսօր քննարկեց Աջակողմեան Հանրապետական Կուսակցութեան Երեսփոխան՝ Վալերի Պուայէ-ի ներկայացուցած՝ Ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնելու նոր առաջարկը։ Հակառակորդ կողմի իշխանական ուժերը մերժեցին ներկայացուած օրինագիծը, զանազան պատճառաբանութիւններով և մեծամասնութեան քուէներով նախագիծը ետ յղեցին դէպի Օրինաց յանձնաժողով, յաւելեալ քննարկումներու համար։

Այս առիթով քանի մը նկատողութիւններ .-

Հայկական կազմակերպութիւնները ամբողջ գործընթացի տեւողութեան չ'արձագանքեցին Վ. Պուայէի առաջարկին, որ ո՛չ մէկ քննարկման արժանացաւ համայնքը ներկայացնելու յաւակնութիւն ունեցող կառոյցներու կողմէ։ Ո՛չ թեր ո՛չ դէմ կարծիքներ արտայայտուեցան։ Անտարբերութի՞ւն, լուռ ընդդիմութի՞ւն, թէ անհանգստութի՞ւն։ Բոլորիս ալ յայտնի է որ իշխող կուսակցութիւնները թոյլ չեն տար որ ընդիմութիւնը ժողովրդականութիւն շահի (այս պարագային Հայ համայնքին մօտ), մասնաւորաբար նախընտրական օրերուն ինչպէս այս շաբաթներուն։ Բայց ի՞նչ պէտք է մտածէ Ֆրանսահայութիւնը զոր տարիներէ ի վեր ղեկավարութիւնը կ'օրօրէ նախընտրական խոստումներով որոնք օրէ օր կը ձգձգուին առանց լուրջ բացատրութեան։ Եւ յանուն ինչի՞։ Հաւաքակա՞ն թէ անձնակա՞ն շահերու համար»։ Նշենք, որ հայրենի լրատուական  աղբիւրներ այսօր    տեղեկութիւն  փոխանցեցին, որ Ֆրանսայի ազգային  ժողովը      Հայոց Ցեղասպանութեան     ժխտման  քրէականացման  վերաբերեալ   յատուկ  օրինագիծ մը ընդունած  էր, ու աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ տեղեկութիւնը հիմնովին սխալ էր: