image

Առաջին անգամ հայկական արտադրութեան զէնք արտահանուած է. նախարար

Առաջին անգամ հայկական արտադրութեան զէնք արտահանուած է. նախարար

Հայկական ընկերութիւններն առաջին անգամ հայկական արտադրութեան զէնք արտահանած են։ Այս մասին ընկերային ցանցի էջերուն միջոցաւ յայտնած է բարձր արհեստագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանը։

Նախարարի խօսքով՝ սա էր պատճառը, որ կառավարութիւնը վերջին տարիներուն միլիառաւոր դրամներու ներդրումներ կատարած է ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ։ 

«Մեծ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ ուզում եմ ձեզ յայտնել, որ հայկական երեք ընկերութիւններ, երկու տարբեր երկրներ զէնք են արտահանել մայիս ամսուայ ընթացքում։ Բաւականաչափ բարդ, խրթին, լոգիստիկ ճանապարհներ անցնելով, դժուարութիւնների միջով անցնելով հայկական ընկերութիւնները կարողացել են հասնել նպատակային կէտին»,-ըսած է նախարարը։

Օրեր առաջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընկերային ցանցի իր էջերով մայիս 28-ին նախատեսուած զօրահանդէսի փորձէն նիւթեր հրապարակած էր, որոնց մէջ ներկայացուած էին հայկական արտադրութեան «DEV–3» հետախուզահարուածային թռչող սարքերը։