image

Ագրարային համալսարանի դասախօսները եւ ուսանողները բողոքի «ակցիա» կատարեցին

Ագրարային համալսարանի  դասախօսները եւ ուսանողները բողոքի  «ակցիա»   կատարեցին

Հայաստանի ագրարային (գիւղատնտեսական) համալսարանի դասախօսական կազմը եւ ուսանողները դէմ են, որ համալսարանի 2-րդ մասնաշէնքը տրուի Ֆրանսական համալսարանին։ Անոնք երթով համալսարանէն եկած են կառավարութեան մօտ` յայտնելու իրենց դիրքորոշումը։

Sputnik Արմենիայի հաղորդմամբ, ՀՀ կառավարութեան 31 հոկտեմբերի նիստին չզեկուցուող հարցերու շարքին ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանի ազգային ագրարային համալսարանէն Հայաստանի մէջ ֆրանսական համալսարանին տարածք յատկացնելու մասին նախագիծ։

 

«Այդ նախագիծը եթէ որոշում դառնայ եւ օտարուեն այդ տարածքները, կը խաթարուի Ագրարային համալսարանի բնականոն գործունէութիւնը, որովհետեւ այդ պարագայում շուրջ 40 լսարան տրամադրուելու է Հայաստանում ֆրանսական համալսարանին եւ շուրջ 1300 ուսանողի համար ֆիզիքապէս անհնարին կը լինի ուսումնական պարապմունքներ կազմակերպելը»,– լրագրողներուն ըսաւ Ագրոնոմիական (գիւղատնտեսական) ֆաքուլթեթի տեկանի պաշտօնակատար Արմենակ Տէր Գրիգորեան։

 Ան աւելցուց, որ այդ մասնաշէնքին մէջ տեղակայուած են եզակի կարեւորութեան տարրալուծարաններ, որոնց տեղափոխումն անհնար է, իսկ անոնց բացակայութեան պարագային անհնար է իրականացնել համալսարանի կրթական ծրագիրները։

«Լուրջ խնդիր է առաջանալու։ Մենք մեր անհամաձայնութիւնը ներկայացնելու ենք կառավարութեանը, որպէսզի այդ որոշման նախագիծը հանուի շրջանառութիւնից»,–աւելցուց ան։

Դասախօսներէն Արա Ամիրեան մտահոգութիւն յայտնեց, որ խօսակցութիւնները, թէ համալսարաններու շէնքերը հիւրանոցներ պիտի դառնան, կրնան ճիշդ ըլլալ։

«Ինչքան տարածք պէտք է վերցնեն, խփում են Ագրարայինի գլխին։ Ինչքա՞ն պէտք է լռենք, սա նման է հող յանձնելուն, եւ մենք դէմ ենք»,–ըսաւ դասախօսը։

Ան նաեւ ընդգծեց, որ նման նախագիծ շրջանառութեան մէջ դնելէն առաջ այդ հարցն իրենցմէ որեւէ մէկուն հետ չէ քննարկուած։