Ատրպէյճան արցախցի երեք ուսանողները ապօրինի կերպով կը պահէ իր մօտ։ Այդ կը հակասէ առնուազն եւրոպական համաձայնագիրի պահանջներուն։ Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան։
Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ Արցախէն Հայաստան խաղաղապահ զօրակազմի ուղեկցութեամբ տեղափոխուած ատեն ատրպէյճանական կողմը առեւանգած է երեք երիտասարդ, որոնք կու գային Հայաստան` ուսանելու։
«Աւելին չեմ կարող ասել։ Քրէական որոշակի գործընթաց նախաձեռնուել է նրանց նկատմամբ, ու ապա դադարեցուել»,– նշած է Կիրակոսեան։
Նշենք, որ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) որոշում կայացուցած է՝ Ատրպէյճանին տրամադրել ժամանակ մինչեւ 7 սեպտեմբեր, 28 օգոստոսին Լաչինի միջանցքէն առեւանգուած երեք քաղաքացիական անձերու վերաբերեալ տեղեկատուութիւն տրամադրելու մասին:
Եղիշէ Կիրակոսեան նշած է, որ Վագիֆ Խաչատրեանի մասին, որ Ատրպէյճանի կողմէ առեւանգնուած էր 29 յուլիսին, կը շարունակեն տեղեկութիւն ստանալ, եւ նաեւ յոյս ունին, որ ուսանողներու մասին եւս կը ստանան տեղեկութիւններ։
«Դրանք անհատական տուեալներ են, որոնք չենք կարող հրապարակել. միայն ծանուցում ենք հարազատներին»,– նշած է Կիրակոսեան։
Ինչ կը վերաբերի այն փաստին, որ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը 29 օգոստոսին մերժած էր Հայաստանի՝ Ատրպէյճանի դէմ Վագիֆ Խաչատրեանի վերաբերեալ նոր ժամանակաւոր միջանկեալ միջոց կիրառելու պահանջը, Եղիշէ Կիրակոսեան նշած է, որ նախորդ դիմումները, որոնք կը ներկայացուէին ՄԻԵԴ, նոյնպէս պաշտօնական առումով կը մերժուէին։
«Մեր հաղորդագրութեան մէջ, սակայն, մենք դատարանի որոշումն ամբողջովին ներկայացնում էինք։ Պարզ է, որ ադրբեջանական կողմը հիմնականում այդ մերժուելու վրայ է փորձում միշտ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել, ու դա, բնականաբար, յատուկ է արւում։ Մինչդեռ ՄԻԵԴ–ը, ֆորմալ (պաշտօնական) առումով մերժելով եւ նոր միջոց կիրառելով, միեւնոյն ժամանակ որոշման յաջորդ պարբերութեան մէջ շատ յստակ արձանագրում է, որ 2020 թ. ընդունած իր որոշումները շարունակում են ուժի մէջ մնալ, եւ դա վերաբերում է նաեւ այն նոր անձանց, որոնք այս պահին գտնւում են անազատութեան մէջ (Ադրբեջանի վերահսկողութեան ներքոյ): Նկատի ունեմ Վագիֆ Խաչատրեանին եւ նաեւ վերջերս առեւանգուած երեք ուսանողին»,– ընդգծած է Կիրակոսեան։
Ըստ անոր` այդ մարդոց իրաւունքները պաշտպանելու համար առնուազն կարեւոր է տեղեկացնել դատարանին, որ այդ անձերու իրաւունքները գոնէ նուազագոյն ձեւով պաշտպանուին։