Այս տարի մասարային մասնակից էին խաղողը ճմլող Նշանը ու կրակին հսկող Աբօն։ Նշանը ծանօթ է նաեւ Աշուղ անունով, որովհետեւ երգը կը սիրէ, երգել կը սիրէ։ Նշանը խաղող կը կոխկռտէ ու, ի զարմանս ինձ, երկտող խաղիկներ կը հիւսէ մասարայի մասին՝ «հալա եար, հալա եար նիննէօ եէր» կրկներգը կատարելով։
Բնիկ Քեսապցի մտաւորական եւ մեծ վաստակի տէր ուսուցիչ՝ Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝
Սա հնձանն է, ուր խաղողը կը կոխկռտուի, հիւթը կը քամուի, մեծ պղինձին մէջ կը զտուի, ապա արցունքի պէս մաքուր հիւթը կը լեցուի կրակի մեծ լաղին մէջ, կ՛եռայ կ՛եռայ, եւ տասէն մէկը ռուպ կը դառնայ՝ տոշաբ։ Սա ամբողջ կառոյցը մասարա կը կոչուի՝ ճմլարանը, զտող պղինձին տեղը եւ մեծ լաղին կրակը։
Տարիներ առաջ իմ ձեռքով կառուցեր եմ այդ ամենը․ քննադատներս շատ եղան, սա քարը այսպէս պէտք է դրուէր, դուռը աւելի խորունկ պէտք է ըլլար, այսուհանդերձ այստեղ դուռ-դրացի եւ բարեկամ մարդիկ մասաարա կը սարքեն, նորեփ ռուպը կը փրփրացնեն եւ «փըրփօր փըրփօր» կանչելով հեռու -մօտիկ անցորդները փրփուր ուտելու կը հրաւիրեն։ Աւանդութիւնը կը շարունակուի։
Այս տարի մասարային մասնակից էին խաղողը ճմլող Նշանը ու կրակին հսկող Աբօն։ Նշանը ծանօթ է նաեւ Աշուղ անունով, որովհետեւ երգը կը սիրէ, երգել կը սիրէ։ Նշանը խաղող կը կոխկռտէ ու, ի զարմանս ինձ, երկտող խաղիկներ կը հիւսէ մասարայի մասին՝ «հալա եար, հալա եար նիննէօ եէր» կրկներգը կատարելով։
Երգը մասարային նուիրուած աշխատանքային երգ մը կը դառնայ փաստօրէն։
Ես կը հրճուիմ, որովհետեւ կը տեսնեմ, որ բարբառով խաղ ու շար ստեղծելու ժողովրդական արուեստը չէ յանգած Քեսապի մէջ։
Ծառէն կը քաղին ըզնօռը, Ծառէն կը քաղեն նուռը,
Պըր ուտինք ըզփըրփէօրը։ Պիտի ուտենք փրփուրը։
Կամնիցա զարտէս գարան, Կամնեցի արտիս գարին,
Հայ քըփըրթու մասարան։ Սաստիկ կ՛եռայ մասարան։
Փիճէն հէնին ըզթումը, Փիճիէն կը հանեն թումը՝ կեղեւը,
Ըսկը հէմու իկիք հումը։ Ահա հիմա եկաւ համը։
Չութչէն կը շալկի զուրուօգը, Մշակը կը շալկէ ուրագը,
Իպրահիմ վառի ըզ կըրուօքը։ Աբրահամը կը վառէ կրակը։
Ծառիէն քաղին ըզսէնծը, Ծառէն կը քաղեն սինձը,
Չըլիվուօծ ի պուղէնծը։ Դեռ չէ լեցուած պղինձը։
Հիմից, չիկիք քուօյն մարը, Ուշացաւ, չեկաւ քու մայրը,
Պուղէնծը հաննու ճամարը։ Պղինձին մէջ կ՛ըլլայ ճամարը՝ հիւթին զտումը։
Ջէօրը կը լըվա կէօփը, Ջուրը կը լեցուի գուբը,
Թասվիրճէն ի Յակոբը։ Նկարիչն է Յակոբը։