Իրանը կը պնդէ, որ Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնագիրի ստորագրումէն անմիջապէս ետք իր արտասահմանի մէջ սառեցուած բոլոր միջոցներուն կէսը անյապաղ ապասառեցուի։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպապատին։
«Մեր շահերէն բխող եւ լուծում պահանջող այլ հարց մըն ալ իրանական միջոցներու ապասառեցումն է։ Թէ այդ միջոցներուն ո՞ր մասը պէտք է սկզբնական փուլին փոխանցուի, եւ ո՞ր մասը՝ որոշ ժամանակ անց, քննարկման նիւթ է։ Սակայն Իրանի նուազագոյն պահանջն այն է, որ այդ միջոցներուն 50 առ հարիւրը փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրումէն անմիջապէս ետք փոխանցուի Իրանին»,– ըսած է ան «Mehr» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ։
Ղարիպապատի ընդգծած է, որ խօսքը արեւմտեան երկիրներու կամ Միացեալ Նահանգներու միջոցներուն մասին չէ, որոնց առնչութեամբ Իրանը ստիպուած ըլլար բանակցիլ եւ որեւէ օգնութիւն կամ ֆինանսաւորում խնդրել։
«Ատիկա Իրանի դրամն է, որ Միացեալ Նահանգները ապօրինի կերպով սառեցուցած է՝ արգիլելով այլ երկիրներու զայն փոխանցել կամ դնել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան տնօրինութեան տակ»,– աւելցուցած է արտաքին գործոց փոխնախարարը։