image

Ռուսիա պատրաստ է Խաղաղութեան պայմանագրի կնքման համար հարթակ տրամադրել՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին

Ռուսիա պատրաստ է Խաղաղութեան  պայմանագրի կնքման համար հարթակ  տրամադրել՝ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին

 

Ռուսիան պատրաստ է հարթակ տրամադրելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման համար։ Այս մասին վստահեցուցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։

«Ինչպէս նախապէս, այսօր եւս պատրաստ ենք աջակցելու Պաքուին եւ Երեւանին՝ փոխադրամիջոցային ու տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման, մարդասիրական հարցերու լուծման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ նախապատրաստելու եւ տրամադրելու ռուսական հարթակը խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման համար»,– ըսած է դիւանագէտը՝ ելոյթ ունենալով Սեն Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համաժողովին։

Փոխնախարարը նշած է, որ Ռուսիան հետեւողականօրէն կը սատարէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ջանքերուն, որոնք ուղղուած են յարաբերութիւններու լիակատար եւ համապարփակ կարգաւորման՝ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներուն միջեւ 2020-2022 թուականներուն ձեռք բերուած եռակողմ համաձայնութիւններուն հիման վրայ։

«Զգալի ներուժ կը տեսնենք «3+3» տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակին մէջ, որ կը միաւորէ Ռուսիան, Իրանը, Թուրքիան, Ատրպէյճանը, Հայաստանը եւ Վրաստանը, այսինքն՝ Հարաւային Կովկասի երկիրներն ու անոնց պատմական դրացիները»,– նշած է Կալուզին։

Ան յստակացուցած է, որ այս ձեւաչափը կոչուած է նպաստելու տարածաշրջանի խնդիրներու լուծման՝  տարածաշրջանի երկիրներու եւ անոնց դրացիներուն ջանքերով, առանց արտաքին կործանարար միջամտութեան։