Օրերս, Պոլսոյ «Փարոս» ամսագրի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած է «Հայոց Կրթական Հաստատութիւններու Պատմութիւն Օսմանեան Գաւառներու մէջ» երկհատոր ուսումնասիրութիւնը, որ լուսարձակի տակ կ՝առնէ գաւառներու մէջ կրթական կեանքն ու հաստատութիւնները։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Այս օրերուն, շնորհիւ «Փարոս» պարբերաթերթի խմբագրութեան, հայ գրական աշխարհը կը ճոխանայ բանասիրական նոր գիրքերու ծնունդով։
Գիրքերուն հեղինակն է Գէորգ Պ. Յակոբեան, որ «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի եւ Կրթական Հաստատութիւններու» խորագրեալ իր նախկին հատորէն ետք, այս անգամ ալ ընթերցողներու տրամադրութեան տակ կը «Օսմանեան Գաւառներու Մէջ Կրթական Հաստատութիւններու Պատմութիւն» ուսումնասիրութեան զոյգ հատորները։
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ գիրքը իր մէջ կը բովանդակէ պատմական Պոլիս քաղաքի վարչական սահմաններուն մէջ աւելի քան երկու դարերու ընթացքին գոյութիւն ունեցած 170 հայ վարժարաններու պատմութիւնը։
Իսկ ներկայիս լոյս ընծայուած այս զոյգ հատորներու մէջ կը պատմուի, որ նախքան Ցեղասպանութիւնը, Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ կը գործէին մօտաւորապէս 1000 հայկական կրթական հաստատութիւններ եւ որբանոցներ, որոնց մէջ կ՛ուսանէին շուրջ 120 հազար երկսեռ աշակերտներ, 5000ի հասնող ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներով։
Այս վարժարաններէն ոմանք «համբաւաւոր» կոչումին արժանացած էին, ոմանք ալ համեստ հաստատութիւններ էին, որոնք ուսում կը ջամբէին նոյնիսկ գիւղերու մէջ, հայապահպանման տեսակէտէ կարեւոր դեր կատարելով։
Ինչպէս ծանօթ է, Օսմանեան կայսրութիւնը անցեալ դարասկիզբին կը բաղկանար 32 կուսակալութենէ եւ գաւառներէ, որուն հողերը տարածուած էին Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի վրայ։
ԺԹ. դարու վերջին քառորդէն սկսեալ, Օսմանեան կայսրութիւնը Ա. Համաշխարհային պատերազմի վերջաւորութեան կորսնցուց հսկայ հողամասեր։ Իսկ 1923ին Թուրքիոյ հանրապետութիւնը իր այժմու սահմաններուն մէջ հազիւ կրցաւ պահել օսմանեան 16 նահանգ եւ գաւառներուն մէկ մասը։
Հեղինակը յիշեալ աշխատասիրութիւնը դասաւորած է, նկատի առնելով Թուրքիոյ ներկայ պետական ընդհանուր սահմանային տարածութեան մէջ 1915ի դրութեամբ գոյութիւն ունեցած հայ վարժարաններու պատմութիւնը, որ իր մէջ կը բովանդակէ տեղագրական, կրօնական, կրթական, համայնքային, ընկերային, հասարակական ու պատմական տեղեկութիւններ։
Նկատի առնելով գործին ծաւալը, հեղինակը որոշած է իր ուսումնասիրութիւնները ամփոփել չորս հատորներու մէջ։
Ներկայ Ա. եւ Բ. հատորներու մէջ տեղադրուած են եօթը կուսակալութիւն (Vilayet), մէկ կառավարչութիւն (Mutasarrıflık), եւ երկու գաւառապետութիւն (Sancak), որոնք են՝
1․ Ադրիանապոլսոյ կամ Էտիրնէի կուսակալութիւն,
2․ Նիկոմիդիոյ կամ Իզմիթ գաւառի կառավարչութիւն,
3․ Խիւտավէնտիկեար կամ Պուրսայի կուսակալութիւն,
4․ Գասթամոնուի կամ Գասթամպոլի կուսակալութիւն,
5․ Այտընի կամ Զմիւռնիոյ կուսակալութիւն
6․ Էնկիւրիի կամ Անգարայի կուսակալութիւն եւ իրեն ենթակայ՝
– Եոզկատի գաւառապետութիւն
– Կեսարիոյ գաւառապետութիւն
7․ Գոնիայի կուսակալութիւն
8․ Ատանայի կուսակալութիւն
Այս երկու հատորներուն ընդգրկած աշխարհագրութեան մէջ, ըստ օսմանեան եւ Հայոց Ազգային պատրիարքարանի տուեալներու, 1915ի դրութեամբ, 316 բնակավայրերու մէջ կ՛ապրէին 512 հազար հայեր։ Այս շրջաններուն մէջ կը գործէին 416 Առաքելական, Կաթոլիկ եւ Բողոքական յարանուանութիւններու պատկանող հայկանան եկեղեցիներ, 547 մանկապարտէզ, տարրական, միջնակարգ, բարձրագոյն, ցերեկեայ եւ գիշերօթիկ, անձնական, երկսեռ հայկական վարժարաններ։ Այս ուսումնական հաստատութիւններու մէջ կ՝ուսանէին 48,564 երկսեռ աշակերտներ, կը գործէին 1237 ուսուցիչ կամ ուսուցչուհիներ։
Իր այս աշխատասիրութեան ընթացքին, հեղինակը օգտագործած է մօտաւորապէս 600 հայերէն, թրքերէն եւ օտարալեզու գիրքեր, ամսագրեր, թերթեր, տարեգիրքեր, Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի տպագիր տեղեկագիրները, պատրիարքարանի Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովի ատենագրութիւններու արձանագրութիւնները, օսմանեան կրթութեան տարեգիրքերը (Salname), օսմանեան բնակչութեան տուեալները։
Օգտագործած է Թուրքիոյ վարչապետարանի օսմանեան արխիւային փաստաթուղթերը, ի յայտ բերելով բազմաթիւ տեղեկութիւններ, նաեւ արխիւային տուեալներ։
Այս բոլոր աղբիւրները նշուած են զոյգ գիրքերուն մէջ, որպէս ծանօթագրութիւն։
Գիրքերէն Ա. հատորը կը բաղկանայ 512, իսկ Բ. հատորը՝ 546 էջերէ։
Գիրքերու հրատարակութիւնը ապահոված է Պոլսոյ «Փարոս» ամսաթերթի խմբագրապետ՝ Մայտա Սարիս։
Գիրքերու շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ 12 Մարտ 2025, Չորեքշաբթի երեկոյ, Օրթագիւղի եկեղեցւոյ մէջ:
Տպագրութեան մեկենաս հանդիսացած է Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը, ատենապետութեամբ Սարգիս Չէթինգայայի։
Հրատարակութեան պատրաստութեան ծախսերուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղին Հայագիտական ուսմանց ծրագրի կեդրոնը։