Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան–ինստիտուտը (ՀՑԹԻ) համիտեան ջարդերու վկայութիւններու մասին արժէքաւոր արխիւային նիւթեր ստացած է։ Տեղեկութիւնը հրապարակուած է թանգարան–ինստիտուտի դիմատետրեան էջին։
Բացառիկ արխիւային փաստաթուղթերը թանգարանի ֆոնտերուն փոխանցած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Ծովինար Համբարձումեանը։
ՀՑԹԻ-ի տնօրէն Էտիթա Գզոյեան նշած է, որ արդէն երկրորդ անգամն է, որ Համբարձումեան արժէքաւոր արխիւային նիւթեր կը նուիրէ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտին։ Ան վստահեցուցած է, որ անոնք կ'ուսումնասիրուին ՀՑԹԻ գիտաշխատողներու կողմէ եւ կը հրապարակուին:
«Արխիւային նիւթերը հիմնականում իտալերէն փաստաթղթեր են, որոնք այս կամ այն կերպ առնչւում են համիտեան ջարդերի ականատես, ծագումով իտալացի ֆրանցիսկեան վանական Սալվատորէ Լիլլիին, որը 1982 թ. Հռոմի Յովհաննէս Պօղոս 2-րդ պապի կողմից դասուել է երանելիների շարքին»,– ըսած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանը:
Թանգարան–ինստիտուտի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ու վերապրողներու փաստագրման եւ ուսումնասիրութեան բաժնի վարիչ Շուշան Խաչատրեան նշած է, որ հայր Սալվատորէ Լիլլին, որ հայերու եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներու հանդէպ 1894-1895 թուականներու ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան սուլթան Ապտուլ Համիտի կառավարման շրջանին իրականացուած հետապնդումներու եւ ջարդերու մասին շատ հետաքրքիր վկայութիւններ ձգած է, սպաննուած է եօթ հայ ուղեկիցներուն հետ օսմանեան զինուորներուն կողմէ 1895–ի 19 նոյեմբերին:
Խաչատրեան տեղեկացուցած է, որ իտալահայ հեղինակներ Սիրանուշ Քուարանթայի եւ Քարլօ Քոփփոլայի հետ համատեղ կը պատրաստուին գիրք հրապարակել այս արխիւի ուսումնասիրութեան հիման վրայ :