Ամերիկեան CNN միջազգային լրատուականը հրապարակած է «Աշխարհի լաւագոյն 50 հացեր»ու ցանկը, ուր ներառնուած են հայկական լաւաշը եւ թրքական բոկեղը (սիմիթ)։
Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Մարմարա»ն, յղում ընելով CNN-ին։
Ամերիկեան CNN միջազգային լրատուականը հրապարակած է «Աշխարհի լաւագոյն 50 հացեր»ու ցանկը։ Ցանկին մէջ ներառնուած են բազմաթիւ երկիրներէ աւանդական հացեր՝ Մալազիայէն մինչեւ Վենեզուէլլա, Գերմանիայէն մինչեւ Թուրքիա, Աֆղանիստանէն մինչեւ Հայաստան։
Լաւագոյն հացերու ցանկին մէջ ներառնուած են հայկական լաւաշը՝ իր իւրայատուկ բարակութեամբ եւ դիւրամարսութեամբ ու թրքական բոկեղը (սիմիթ)՝ որպէս խրթխրթան օղակաձեւ հաց՝ պատուած քունճութի սերմերով։
Ցանկին մէջ տեղ գրաւած են նաեւ աֆղանական պոլանին, ֆրանսական պակէթը, իտալական չիապաթթան։
Կը նշուի որ հացը պարզապէս սնունդ մը չէ, այլ մշակոյթի, պատմութեան եւ ինքնութեան ցոլացում։ Իւրաքանչիւր հաց կը պատմէ իր երկրի ու մարդոց կենսակերպի մասին։
CNN կը յանձնարարէ որ սնունդի համար ճամբորդողներ գործածեն այս ցանկը՝ որպէս ոգեշնչումի միջոց։