ԱՄՆ-ը Իրանի դէմ պատժամիջոցներու շրջածիրէն ներս սահմանափակումներ կիրառած է թրքական երեք ընկերութիւններու նկատմամբ։ Պատժամիջոցներու տակ յայտնուած են «Golden Global Yatirim Bankasi» ներդրումային դրամատունը եւ անոր երկու դուստր ընկերութիւնները՝ «Golden Global Portfoy Yonetimi» եւ «Golden Global Varlik Kiralama»։
ԱՄՆ-ի Ելեւմտական նախարարութեան տուեալներով՝ դրամատունը եւ դուստր ընկերութիւնները ներգրաւուած եղած են Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու զօրագունդի «Քոտս» ուժերուն հետ կապուած ֆինանսական գործարքներու մէջ։
ԱՄՆ-ի Ելեւմտական նախարարութենէն նշած են, որ միջոցները ընդունուած են «Տնտեսական վտարանդի» (Economic Outcast) գործողութեան շրջագիծին մէջ, որուն նպատակն է սահմանափակել Իրանի ֆինանսական կապերն ու եկամուտներու աղբիւրները։