image
Հրատապ լուրեր:

Որեւէ օր կրնանք ունենալ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորում. Միրզոյեան

Որեւէ օր կրնանք ունենալ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորում. Միրզոյեան

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կը կարծէ, որ հայ-թրքական բանակցային գործընթացը այնքան հասունցած է, որ առաջիկային կարելի պիտի ըլլայ ամբողջական կարգաւորում եւ սահմաններու բացում։

«Վերջնական նպատակը երկու պետութիւնների պաշտօնական հաստատումն է եւ սահմանի ամբողջական բացումը, որը այս պահին չկայ։

Գործընթացն այնքան է հասունացել, որ դա արդէն շատ բնական կը լինի՝ ցանկացած օր ունենալ վերջնական եւ ամբողջական կարգաւորում», ըսած է ան։

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ նոր բանագնացի նշանակման հարցին՝ Միրզոյեան ըսած է.

«Նոր բանագնացի անուն որ լինի, կը հնչեցնենք։ ...Բայց, անկեղծ ասած, հարց է՝ նոր բանագնացի կարիք կա՞յ, թէ՞ չկայ։

Որովհետեւ կարող է պատահել՝ սահմանի բացումը լինի աւելի շուտ, քան նոր բանագնացների շուրջ համաձայնութիւնը»։

Միրզոյեան նաեւ նշած է, որ յառաջիկային կարելի է կազմակերպել Հայաստան-Թուրքիա գործարար համաժողով, որ ըլլայ աւելի ընդլայնուած՝ քան նախորդը։