Աջափնեակի մեթրոյի ծրագիրի կառավարիչի ընտրութեան համար արդէն ընկերութիւններու ցանկ կազմուած է, եւ ատոնց շարքին նաեւ ռուսական ընկերութիւններ կան պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, յայտարարած է Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը։
Հարցին՝ կա՞յ առաջընթաց Աջափնեակի մեթրոյի ծրագիրին մէջ, Աւինեանը պատասխանած է՝ «այո, կայ, քննարկում կայ»։
«Կայ ցանկ՝ նախագծի կառավարման համար ընտրուելիք ընկերութիւնների, որոնց հրաւէր է ուղարկուելու, եւ մրցութային տրամաբանութեամբ իրենց միջից ընտրութիւն է կատարուելու», -ըսած է քաղաքապետը։
Անոր խօսքով՝ նախ պէտք է ընտրուի ծրագիրի կառավարիչը, որ նաեւ իր ճարտարապետներով պիտի իրականացնէ աշխատանքներու վերահսկողութիւնը, իսկ ատկէ ետք՝ մեթրոյի բուն շինարարութիւնը կատարող ընկերութիւնը։
«Մեզ պէտք է նախագծի կառավարիչ, տեխնիկական վերահսկողութիւն՝ իր իսկ ինժեներներով, յետոյ վերջում մեզ նոր պէտք է հենց բուն մետրոյի կառուցողը։ Առաջինի՝ կառավարչի մասով ցանկ ունենք, կառուցողների մասով որոշակի պատկերացումներ ունենք», - նշած է Աւինեանը։
«Ազատութեան» ճշդող հարցին՝ հնարաւո՞ր է, որ ծրագիրին մէջ ռուսական կողմը ներգրաւուի, քաղաքապետը պատասխանած է՝ «դա ցոյց կը տայ կեանքը»։ Հարցին՝ ռուսական ընկերութիւններ կա՞ն դիտարկուողներու ցանկին մէջ, ան հաստատած է՝ «այո՛, կան»։